Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Քրասնոյարսքի Ենեսէյը ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ ազրպէյճանական Կապալայի դէմ եւ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցումին 4 կոլերն ալ նշանակուեցան Բ. կիսախաղին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով չուզեց իր մասնակցութիւնը բերել ազրպէյճանական խումբին դէմ կատարուած այս մրցումին, հակառակ անոր որ ան կը մարզուի ռուսական ակումբին հետ:
Իսկ Ենեսէյի ռուս բերդապահ Տաւիտ Եուրչենքօ, որ մասնակցեցաւ մրցումին, Ա. կիսախաղի դադարին փոխարինուեցաւ այլ բերդապահով:



