Մարզական

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Իր Կատարած Երկրորդ Մրցումին

«Ճիպրալթար Մասթըրզ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ ուքրանացի Մարիա Մուզիչուքի դէմ, 44-րդ շարժումին արձանագրեց հաւասարութիւն մը: Նշենք, որ մրցաշարքը կը բաղկանայ 10 հանգրուանէ: Գ. հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցն է սպանացի Ֆեռնանտօ Խոսէ Քուենքա Խիմենես: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Հրանդ Մելքումեան, որ ապահոված է 2 կէտ, Գ. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Օսաքա – Քվիթովա Աղջկանց Աւարտական

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Օսաքա – Քվիթովա Աղջկանց Աւարտական

Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) իր աւարտին մօտեցող տարուան առաջին` Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին գծով երէկ յստակացան աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող երեք մարզիկներուն անունները: Նաոմի Օսաքա Աղջկանց աւարտական մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ 4-րդ դասուած ճափոնցի Նաոմի Օսաքան եւ 8-րդ դասուած չեխ Փեթրա Քվիթովան: Փեթրա Քվիթովա Օսաքա իր յաղթանակը արձանագրեց Քարոլինա Փլիսքովայի (Չեխիա, 7-րդ) դէմ` 6-2, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով,...

«Էն. Պի. Էյ.».  Պեն Սայմընս Եւ Մարք Կազոլ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.». Պեն Սայմընս Եւ Մարք Կազոլ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տասը հանդիպումներ: Պեն Սայմընս Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 2 կէտի տարբերութեամբ` 122-120 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սան Անթոնիօ Սփըրզին: Յաղթական կազմէն բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, Պեն Սայմընս իրագործեց թրիփըլ-տապըլ մը (21 կէտ, 10 ռիպաունտ, 15 էսիսթ): Սփըրզէն Տեմար Տերոզան նշանակեց 26 կէտ: Մարք Կազոլ Իր կարգին, թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Մարք Կազոլ (22...

Ֆրանք Տը Եոնկ Պիտի Միանայ Պարսելոնային

Այաքս Ամսթերտամի միջնապահ Ֆրանք տը Եոնկ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պարսելոնայի հետ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 21 տարեկան հոլանտացին Պարսելոնային պիտի միանայ 1 յուլիսին: Անոր այս փոխանցումը արժեց 75 միլիոն եւրօ: Անոր ակումբը յաւելեալ 11 միլիոն եւրօ եւս պիտի ստանայ, եթէ ան Պարսելոնայի հետ արդիւնաւէտ մրցումներ կատարէ եւ տիտղոսներու տիրանայ: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024: Հոլանտայի...

Նէյմար Վիրաւորուեցաւ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար նախանցեալ օր Սթրազպուրկի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանին վնասուածք ստացաւ: 26 տարեկան Նէյմար արցունքոտ աչքերով դուրս եկաւ դաշտէն, մինչ 62-րդ վայրկեանին կը փոխարինուէր: Անոր վերադարձին գծով ստոյգ ժամկէտ մը չնշուեցաւ:  

Ուսէյն Պոլթ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ողիմպիական խաղերու ութակի ախոյեան, վազքի 100 եւ 200 մեթրի աշխարհի մրցանշակիր, աւստրալիական Սենթրըլ Քոսթ Մարինըրզ ակումբին հետ նախորդ տարի ֆութպոլիստի ասպարէզը սկսած Ուսէյն Պոլթ յայտարարեց, որ կը հեռանայ ֆութպոլէն: 32 տարեկան ժամայքացին այս գծով յայտնեց «Էն. Պի. Սի. Սփոր»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:  

Կիրակի, 27 Յունուարին. Տղոց 12 Տարեկանէն Վար Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան 2-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի տղոց 12 տարեկանէն վար (2007-2008-ի ծնունդ) պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Անոնք տեղի ունեցան Ամշիթի դաշտին վրայ: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Սքուատրա - Ապնաա Խալիժ` 38-6, Պէյրութ 1875 - Մունսեֆ` 52-8, Ռիատի - Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքա` 43-4, Թատամոն Հըրաժել - Շանվիլ Ժիպէյլ` 45-29, ամերիկեան Ուաթանիէ - Սաժես Հայ Սքուլ` 46-30, Սանթրալ - Մութթահետ` 39-26 եւ Շանվիլ - Պըրժ Այնթուրա`...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Շաբաթավերջին Կը Սկսին Ախոյեանութեան Մրցումները` Ձմեռնային Կարճ Դադարէ Մը Ետք

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբաթավերջին վերսկսելիք Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը` ձմեռնային կարճ դադարէ մը ետք: Ֆետերասիոնը երկուքուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկիով տուգանեց Պեքաա Ռիատին, որ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութենէն քաշուեցաւ: Ստորեւ` մրցումներուն հրապարակուած յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ահտ - Պեքաա Ռիատի 15:00 Սայտա ՇԱԲԱԹ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Թրիփոլի...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ «Ճիպրալթար Մասթըրզ»-ի Մրցաշարքը

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթանակով սկսաւ «Ճիպրալթար Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքը (ընդամէնը` 10 հանգրուան): Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթեց Ինտոնեզիան ներկայացնող աղջկանց կրանտմասթըր Իրենէ Սուկանտերին: Բ. հանգրուանին հայրենի կրանտմասթըրը կը մրցի ուքրանացի Մարիա Մուզիչուքի դէմ: Մրցաշարքը յաղթանակով սկսաւ նաեւ Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Հրանդ Մելքումեան, որ ճերմակ քարերով յաղթեց ռուս Տինա Փելենքայային: Իսկ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր Եւ Վաղը` Քառորդ Աւարտականի Մրցումները

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը արդէն իսկ հասած է քառորդ աւարտականին: Այդ չորս մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը: Այսօր տեղի պիտի ունենան Չինաստան - Իրան եւ Վիեթնամ - Ճափոն մրցումները, իսկ վաղը` Հարաւային Քորէա - Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ - Աւստրալիա ճակատումները:

Լիբանանեան-Ամերիկեան Համալսարանի Դպրոցական 20-րդ Խաղերը Վերջ Գտան

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին կողմէ կազմակերպուած դպրոցական 20-րդ խաղերը, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 48 վարժարաններէ 1887 երկսեռ մարզիկներ: Տեղի ունեցան պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ լողարշաւի մրցումներ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս խաղերը կատարուեցան հետեւեալ ձեւով. Պասքեթպոլ` 94 մրցում, փինկ փոնկ` 38, վոլիպոլ` 24, լողարշաւ` 12, իսկ ֆութպոլ` 50: Նշուեցաւ նաեւ, որ այս խաղերը տեղի ունեցան բաւական մեծ խանդավառութեամբ,...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Տիտղոսին Գլխաւոր Թեկնածուն Նկատուող Սերենա Ուիլիըմզ Դուրս Մնաց

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Տիտղոսին Գլխաւոր Թեկնածուն Նկատուող Սերենա Ուիլիըմզ Դուրս Մնաց

Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին` Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 23 յունուարին տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց քառորդ աւարտականի երկուքական մրցումներ: Տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն նկատուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ (16-րդ) կրեց անակնկալ պարտութիւն մը` 7-րդ դասուած չեխ Քարոլինա Փլիսքովայէն, 6-4, 4-6 եւ 7-5 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 10 վայրկեան: Նկատելի...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Իրաւարարներու Անվճար Դասընթացքներ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ արդէն իսկ ընդունած է դիմումնագիրները այն անձերուն, որոնք ապագային կ՛ուզեն իրաւարար դառնալ: Այս նպատակով ալ ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ իրաւարարներու դասընթացքներ: Նշուեցաւ, որ իրաւարարներու այս դասընթացքները պիտի ըլլան անվճար: Անոնց կրնան մասնակցիլ 18-25 տարեկան անձեր, որոնց հասակը պէտք է ըլլայ նուազագոյնը 1,75 մեթր: Ֆետերասիոնը նաեւ նշեց, որ պէտք է ամբողջացնել կարգ մը կէտեր եւ...

Պալոթելլի Միացաւ Մարսէյին

Իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի հեռանալով Նիսէն ազատ մարզիկի կարգավիճակով երէկ պայմանագրութիւն մը կնքեց Մարսէյի հետ, յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: 28 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Ֆրանսական մամուլը նշեց, որ Պալոթելլի Մարսէյը ընտրելուն համար պիտի գանձէ 4 միլիոն եւրօ: Ան յաւելեալ 1,4 միլիոն եւրօ յաւելավճար պիտի ստանայ, եթէ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը նշանակէ նուազագոյնը 10 կոլ եւ...

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Յաղթեց. Ուեսթպրուք` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Ռասըլ Ուեսթպրուք (թիւ 0)` երէկուան մրցումին Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, արձանագրեց 123-114 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Ռասըլ Ուեսթպրուք թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 10 ռիպաունտ, 14 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Փոլ Ճորճ նշանակեց 36 կէտ: Իսկ Պլէյզըրզէն Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 34 կէտ: Թորոնթօ Ռեփթըրզ 120-105...

Ճատրակ. Չորս Հայեր Մրցանակային Դիրքեր Գրաւեցին Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի յանձնախումբին, հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ միութեան ճատրակի ակումբին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, որոնց կարգին նաեւ` հայեր: Տեղի ունեցան 8,10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ: 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, նարեկ Բակլայեան գրաւեց 2-րդ դիրքը: 12 տարեկանէն վար Հրակ Ծատուրեան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էներժի` 104-42

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ Էներժիի դէմ: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով: Ան 104-42 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 33-17, 30-4, 24-13 եւ 17-8: Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս...

Մխիթարեան Կրնայ Խաղադաշտ Վերադառնալ 25 Յունուարին

Վնասուածքէն ապաքինող Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար խաղադաշտ վերադառնայ իր նախկին ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ կատարուելիք բաժակի մրցաշարքին, կը յայտնէ «Իվնինկ Սթանտարտ»: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահը Արսենալի հետ իր փորձերուն վերսկսաւ 10 յունուարին եւ բաւական մօտ է ընդհանուր խումբ վերադառնալուն: Արսենալ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին 25 յունուարին: Երկուշաբթի, 21...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Սթեֆանոս Ցիցիփաս Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Կրան-Շլեմի Մը Կիսաւարտականին

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Սթեֆանոս Ցիցիփաս Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Կրան-Շլեմի Մը Կիսաւարտականին

Յունաստանի ներկայացուցիչ Սթեֆանոս Ցիցիփաս (դասուած` 14-րդ) երէկ ապահովեց Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանին իր տոմսը, երբ յաջողեցաւ մրցաշարքէն դուրս ձգել սպանացի Ռոպերթօ Պաութիսթան` արձանագրելով 7-5, 4-6, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս մրցումը տեւեց 3 ժամ 15 վայրկեան: Սթեֆանոս Ցիցիփաս Աշխարհի 15-րդ դիրքը գրաւող 20 տարեկան Ցիցիփաս իրեն համար ունեցաւ պատմական օր մը` նկատի ունենալով, որ...

«Էն. Պի. Էյ.». Սիքսըրզ Յաղթեց Ռոքեթցին, Իսկ Ուորիըրզ` Լէյքըրզին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 11 ճակատումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրը եղաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, կրեց 121-93 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 37 կէտ: Սիքսըրզ - Ռոքեթց մրցումէն. աջին` Ճէյմս Հարտեն Այսպիսով, Հարտեն կրկնեց Քոպի Պրայընթի մրցանիշը` 4 մրցումի ընթացքին նշանակելով 200 կէտ: Իր կարգին, իր հիւրէն` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն պարտուեցաւ Լոս...

Page 743 of 1278 1 … 742 743 744 … 1,278

Արխիւներ