Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի յետաձգուած երկու մրցումներու ընթացքին, Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան յաղթանակներ արձանագրեցին:
Թէեւ Եուվենթուս 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քիեւոյի դէմ, բայց խումբին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ձախողեցաւ իր կազմին շնորհուած փենալթին կոլի վերածել: Ան Եուվէի հետ առաջին անգամ ըլլալով կը ձախողի փենալթին նպատակին հասցնելուն մէջ` նկատի ունենալով, որ նախապէս չորս այլ առիթներով ան նշանակած էր 4 փենալթի:
Եուվենթուսի կոլերը նշանակեցին Տուկլաս Քոսթա (13-րդ), Էմրէ Քան (45-րդ) եւ Ռուկանի (84-րդ):
Իսկ Ա. Սէ. Միլան 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ճենովայի դաշտին վրայ:
Այժմ 20-րդ հանգրուանէն ետք, Եուվենթուս 9 կէտի առաւելութեամբ առաջին է:



