Արարատ – Երեւան պայմանագրութիւն մը կնքեց երեք ֆութպոլիստներու հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած խումբին միացան ռուսական Ուրալի եւ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Անտրէ Չուխլէյ, պիելոռուսական ՊԱԹԷ-ի նախկին մարզիկ, ուքրանացի միջնապահ Անտրէ Եաքովլեւ եւ Գանձասար – Կապանի նախկին սերպ միջնապահ Տեժան Վուքոմանովիչ:
Անոնց պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 1 յունիս 2019:
Խումբը 23 յունուարէն 3 փետրուար ուսումնամարզական հաւաքի կը մասնակցի Սոչիի մէջ:



