Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ նախքան մրցումը արձանագրած էր 6 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, մինչ Պիպլոս` 4 յաղթանակ եւ 5 պարտութիւն: Ասկէ մեկնելով, երկու խումբերն ալ մրցումը սկսան բաւական զօրաւոր ձեւով` մրցումին ղեկը իրենց ձեռքերուն մէջ առնելու համար: Հակառակ ասոր սակայն, ՀՄԸՄ ինք է, որ տիրապետեց եւ առաջին քորթըրը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 52-44 արդիւնքով: Երրորդ քորթըրին հիւրընկալ կազմը թէեւ փորձեց պայքարիլ յաւելեալ կէտեր նշանակելու համար, սակայն ՀՄԸՄ արգելք հանդիսացաւ ատոր եւ երրորդ քորթըրը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 13 կէտի առաւելութեամբ` 79-66 արդիւնքով: Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին ՀՄԸՄ աւելի ճնշեց Պիպլոսի վրայ եւ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 103-95 արդիւնքով:
Մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-էն Ուոլթըր Հոճ, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 10 էսիսթ): Անոր խմբակից Մայք Էֆիպրա նշանակեց 27 կէտ, ներառեալ` 5 թրի-փոյնթ: ՀՄԸՄ-էն երեքական թրի-փոյնթ նշանակեցին Փաթրիք Պու Ապպուտ (15 կէտ) եւ Էլի Ռըսթոմ (13 կէտ): Իսկ Պիպլոսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Աարոն Նելսոն (26 կէտ, 13 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Մայքըլ Ռիլէյ նշանակեց 23 կէտ: