Մարզական

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ – Չելսի` 2-0

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր տեղի ունեցած լոնտոնեան տերպիի մրցումին, Արսենալ, որ հիւրընկալեց Չելսին, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ֆրանսացիներ Ալեքսանտր Լաքազեթ (14-րդ) եւ Լորան Քոսիելնի (39-րդ) նշանակեցին Արսենալի 2 անպատասխան կոլերը: Յաղթական կազմէն կը բացակայէր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (վիրաւոր): Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը...

«Պունտըսլիկա». Առաջին Երեք Դիրքերը Գրաւող Խումբերը Յաղթանակով Սկսան Դարձի Մրցումները

Նախորդ շաբաթավերջին վերսկսաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` «Պունտըսլիկա»-ն, երբ տեղի ունեցան 18-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լայփցիկի (4-րդ) դաշտէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Էքսըլ Ուիթցել (19-րդ): Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող եւ գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ...

«Լա Լիկա». Պարսելոնա, Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Ռէալ Մատրիտ` Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Լեկանեսը (14-րդ), 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Պարսելոնայէն Ուսման Տեմպելէ նշանակեց առաջին կոլը (32-րդ), սակայն 57-րդ վայրկեանին հիւր կազմը հաւասարեցուց արդիւնքը: Լիոնել Մեսսի Սակայն Լուիս Սուարեզի (71-րդ) եւ Լիոնել Մեսսիի (92-րդ) կոլերը 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը բերին Պարսային:...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց Լէյքըրզին. Հարտեն Նշանակեց 48 Կէտ

Նախորդ շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան բազմաթիւ մրցումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 138-134 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 48 կէտ: Պրուքլին Նեթց կողովի մը տարբերութեամբ միայն` 117-115 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Օրլանտօ Մեճիքի դաշտէն: Տ՛անճելօ Ռասըլ (Նեթց) նշանակեց 40 կէտ: Թէեւ Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 38 կէտ, բայց...

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն – Կենկան` 9-0

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց վերջին դիրքը գրաւող Կենկանը, արձանագրեց... 9-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը: 2 մրցում նուազ կատարած Սեն Ժերմեն, որ ցարդ անպարտելի է, այժմ 13 կէտի առաւելութիւն ունի 2-րդ դիրքը գրաւող Լիլի վրայ: Մայրաքաղաքի կազմէն երկու մարզիկներ հեթրիք իրագործեցին: Անոնք են` Քիլիան Մպափէ (37-րդ, 45-րդ, 80-րդ) եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Պէյրութէն, 77-71 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 18 յունուարին, Մութթահետ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց Պէյրութը: Հիւր կազմը յաղթական վերադարձաւ Թրիփոլիէն, երբ երկարաձգումէն ետք յաղթեց 77-71 արդիւնքով: Կիսախաղը աւարտեցաւ 35-35 հաւասարութեամբ, իսկ չորրորդ քորթըրը` 65-65 հաւասարութեամբ: Մութթահետէն Մարվել Հերիս նշանակեց 32 կէտ, իսկ Պէյրութէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալի Հայտար (23 կէտ, 12 ռիպաունտ): Իր կարգին,...

«Ֆորմիւլա-4». Լիբանանցի Ռաշետ Ղանեմ Կը Մասնակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ախոյեանութեան

Լիբանանցի երիտասարդ վարորդ Ռաշետ Ղանեմ (2001-ի ծնունդ) իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Ֆորմիւլա-4»-ի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ «Տուպայ-Օթոտրում» վազքուղիին վրայ: Անիկա պիտի ըլլայ այս ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումը: Ղանեմ, վերջերս լքելով քարթինկը, սկսաւ մասնակցիլ «Ֆորմիւլա-4»-ին:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այսօր` Արսենալ – Չելսի Լոնտոնեան Տերպին Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին, իրարու դէմ պիտի մրցին Արսենալ եւ Չելսի` լոնտոնեան տերպիին գծով: Պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Քրիսթալ Փալասը: Սպանիոյ մէջ եւս պիտի կատարուի բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Ռէալ Մատրիտ (4-րդ) պիտի հիւրընկալէ Սեւիլլան (3-րդ): Իտալիոյ պարագային, Եուվենթուսի...

Լիբանանեան-Ամերիկեան Համալսարանին 20-րդ Խաղերը Սկիզբ Առին

Մասնակցութեամբ 48 վարժարաններէ 1885 երկսեռ աշակերտներու, բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ սկիզբ առին Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին 20-րդ խաղերը: «Հայ Սքուլ»-ի այս ախոյեանութեան մրցումներուն պիտի կիրարկուին հետեւեալ մարզաձեւերը` պասքեթպոլ, վոլիպոլ, մինի-ֆութպոլ, փինկ փոնկ եւ լողարշաւ: Նշենք, որ 27 վարժարաններէ 1135 մասնակցողներ` եկած Քեսրուանի, Ժիպէյլի եւ Մեթնի շրջաններէն, իրենց մրցումները կը կատառեն համալսարանի Ժիպէյլի մասնաճիւղին մէջ, մինչ մնացեալ 21 վարժարաններու 752 աշակերտները իրենց մրցումները կը...

Լիբանանի Մէջ. Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականը Յաղթեց Մեծ Հաշիւով

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ Լիբանանի մէջ կը կատարէ բարեկամական մրցումներ, իր երկրորդ մրցումին արձանագրեց մեծ հաշիւով յաղթանակ մը` 7-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Սփորթց-1875 խումբը: Սարգիս Մարգարեան տուպլէ մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Էտկար Կիրակոսեան, Սարօ Գալստեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Խաչատուր Միքայէլեան եւ Տիգրան Վարդանեան: Առաջին մրցումին Ռուբէն Նազարէթեանի...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմ

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմ

- Կարէն Խաչանով Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն - Շարափովա Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Տիտղոսակիր Վոզնիաքին Կարէն Խաչանով Տղոց թենիսի աշխարհի դասաւորման 11-րդ դիրքը գրաւող եւ Ռուսիան ներկայացնող հայազգի Կարէն Խաչանով երէկ հրաժեշտ տուաւ Մելպուռնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երբ 4-6, 5-7 եւ 4-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց սպանացի Ռոպերթօ Պաութիսթայէն` Գ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին:...

«Էն. Պի. Էյ.».  Լէյքըրզ Յաղթեց Օքլահոմային` Առանց Լեպրոն Ճէյմսի

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Յաղթեց Օքլահոմային` Առանց Լեպրոն Ճէյմսի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Օքլահոմա Սիթիին, 138-128 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց երկարաձգումէն ետք: Լէյքըրզէն դարձեալ կը բացակայէր Լեպրոն Ճէյմս, որ իր ստացած վնասուածքէն կը վերականգնի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քայլ Քուզմա նշանակեց 32 կէտ, մինչ Փոլ Ճորճ (Օքլահոմա)` 27 կէտ: Թորոնթօ Ռեփթըրզ կողովի մը տարբերութեամբ` 111-109 արդիւնքով յաղթեց Ֆէոնիքս...

Կաթուզօ Մէկ Մրցումով Կախակայուեցաւ

Իտալական մամուլը յայտնեց, որ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչը` Կենարօ Կաթուզօ, մէկ մրցումով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Եուվենթուսի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումէն ետք, ան սպառնաց օրուան իրաւարարին եւ անոր դէմ ունեցաւ նախատական արտայայտութիւններ: Կաթուզօ պիտի բացակայի Ճենովայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն (20-րդ հանգրուան, «Քալչիօ»):

Ղանայի Մէջ Սպաննուեցաւ Երկրին Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Անօրինական Գործերը Բացայայտող Լրագրող Մը

«Պի. Պի. Սի.»-ի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, Ղանայի մէջ սպաննուած է լրագրող Ահմետ Հիւսէյն Սուալէ, որ հետաքննութիւններ կը կատարէր երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած կաշառակերութեան եւ անօրինական գործերուն շուրջ: Անյայտ անձ մը կրակած է անոր վրայ եւ փախուստ տուած:

Արսենալ Կ՛ուզէ Իր Կազմին Միացնել Խամես Ռոտրիկեսը

Պայէրն Միւնիխի թեքնիք տնօրէն Հասան Սալիհամիծիչ հաստատեց, որ լոնտոնեան Արսենալը մօտէն հետաքրքրուած է ակումբին քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեսով: Ըստ գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթին, նախքան այս ամսուան աւարտը, Արսենալ կ՛ուզէ փոխ առնել Ռոտրիկեսը: Պայէրն անոր համար տարեկան կ՛ուզէ 7 միլիոն եւրօ, այսինքն` նոյն այն գումարը, ինչ որ անիկա կը վճարէ Ռէալ Մատրիտին, որուն կը պատկանի մարզիկին իսկական ստորագրութիւնը: Կը կարծուի, որ այս...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Թէեւ Լիբանան Յաղթեց Հիւսիսային Քորէային (4-1) Բայց Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թէեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ յաջողեցաւ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը Հիւսիսային Քորէայի դէմ (4-1), սակայն մայրիներու կազմը չկրցաւ ապահովել յաջորդ` 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը եւ հրաժեշտ տուաւ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին: Երէկուան այս մրցումին, Լիբանան իր յաղթանակը արձանագրեց Հիւսիսային Քորէայի դէմ` 4-1 արդիւնքով: Նշենք, որ մրցումին առաջին կոլը նշանակեցին քորէացիները: Լիբանանի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Ժորժ Մելքի: Ապա մնացեալ կոլերը,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – Պէյրութ

Մութթահետ - Պէյրութ բացման մրցումով այսօր կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանը: Այս մրցումը, որ սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Սաֆատի» մարզադաշտին վրայ` Թրիփոլի: Պէյրութ 14 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, մինչ Մութթահետ 12 կէտով կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ:

Աթլեթիզմ. Մէյսա Մուաուատ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցած աթլեթիզմի մրցումներուն, Մէյսա Մուաուատ պարմանուհիներու լիբանանեան նոր մրցանիշ մը արձանագրեց` 150 մեթր վազքի մրցումին գրաւելով առաջին դիրքը եւ արձանագրելով 19" 49 արդիւնք մը: Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 200 երկսեռ վազողներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Պաթրուն Սթարզ, Քալաա, Լիբանանեան բանակ, ՀՄԸՄ, Շանվիլ, Անթունիէ, Ապթալ եւ Ժամհուր:  

Մխիթարեան Արսենալի Ընդհանուր Խումբ Կը Վերադառնայ Յառաջիկայ Շաբաթ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, լոնտոնեան Արսենալի ընդհանուր խումբին հետ իր փորձերուն կը սկսի յառաջիկայ շաբաթ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: 29 տարեկան Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Չելսիի դէմ յառաջիկայ 19 յունուարին կատարուելիք «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին: Մխիթարեան, որ վիրաւորուեցաւ 19 դեկտեմբերին, Թոթենհամի դէմ կատարուած մրցումին, նախորդ 10 յունուարին անհատական ծրագիրով սկսաւ իր փորձերուն:  

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք

- Մարկարիթա Գասպարեան Լքեց Պայքարը - Տոմինիք Թիեմ Եւ Ժիլ Սիմոն Դուրս Մնացին Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող 2019 տարուան առաջին` Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ռուսիան ներկայացնող Մարկարիթա Գասպարեան, Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Մարկարիթա Գասպարեան Թենիսի միջազգային դասաւորման 91-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մարկարիթա Գասպարեան 6-1 եւ 7-5 արդիւնքով...

Page 745 of 1278 1 … 744 745 746 … 1,278

Արխիւներ