Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաժես Հրապարակեց Պաշտօնական Հաղորդագրութիւն Մը

January 22, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Սաժես – Շանվիլ մրցումէն ետք Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցան անկարգութիւններ` դաշտին տիրոջ համակիրներուն կողմէ:

Սաժեսի նորընտիր վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ նոր նախագահ Էլի Եահշուշիի, գումարելէ ետք արտակարգ նիստ մը, յայտնեց որ իր ժողովները կը ձգէ բաց` տեղի ունեցած այդ անկարգութիւններուն գծով հետաքննութիւնները շարունակելու համար:

Սաժեսի վարչութիւնը յայտնեց, որ խումբին համակիրները ունին իրենց սահմանը եւ չեն կրնար ատկէ անցնելով խախտել օրէնքը:

Նշուեցաւ, որ ակումբին կարգ մը համակիրները այդ անկարգութիւնները կատարեցին դիտումնաւոր կերպով` ընտրուած նոր վարչութեան դիմագիծը աղաւաղելու համար: Անոնք իրաւունք չունին որեւէ կուսակցութեան կամ անհատի դէմ հայհոյանքներ տեղացնելու` մթնոլորտը աւելի թէժացնելու համար:

Ժողովականները յայտնեցին, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամներուն ներքին ապահովութեան ուժերու Ղազիրի կեդրոնատեղիին ուղղուիլը եւ հոն բողոք ներկայացնելը` գտնելու եւ ձերբակալելու համար յանցագործները, անոնք կը նկատեն յարմար եւ ճիշդ որոշում մը, որպէսզի ակումբին անունը չաղաւաղուի օրինազանց անհատներուն ձեռամբ:

Վերջապէս, ժողովականները ցաւ յայտնեցին, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հասցէին բազմաթիւ հայհոյանքներ տեղացին, ֆետերասիոնին` դաշտերու ապահովութեան հսկող յանձնախումբին անդամները ակումբին անկարգապահ համակիրներուն կողմէ յարձակումի ենթարկուեցան եւ անոնց դէմ նոյնիսկ ծեծի պարագաներ ալ արձանագրուեցան:

 

 

Նախորդը

Հեծելարշաւ. Քլարա Թանիոս Միացաւ Լիբանանի Ազգային Խումբին

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էներժի

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

October 24, 2026
Աթլեթիզմ.  Յակոբ Առաքելեան` Կէս Մարաթոնի  Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Աթլեթիզմ. Յակոբ Առաքելեան` Կէս Մարաթոնի Արծաթ Մետալակիր

October 24, 2026
Եուրոփա Լիկ.  Արարատ Արմենիա  Իր Երրորդ Պարտութիւնը Կրեց
Մարզական

Եուրոփա Լիկ. Արարատ Արմենիա Իր Երրորդ Պարտութիւնը Կրեց

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.