Եուվենթուսին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ռէալ Մատրիտի իր նախկին խմբակիցին, պրազիլցի յետսապահ Մարսելոյին կը համոզէ տեղափոխուիլ իր մաս կազմած այժմու ակումբը:
Հակառակ անոր որ Ռոնալտօ հեռացած է արքայական ակումբէն, բայց իր լաւ յարաբերութիւնները կը շարունակէ Մարսելոյի հետ:
Նշուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտ մտադիր չէ բաժնուիլ Մարսելոյէն, հակառակ անոր որ ան վերջին շրջանին կորսնցուցած է իր հիմնական դիրքը:
30 տարեկան Մարսելոյի գործող պայմանագրութիւնը Ռէալի հետ կ՛աւարտի 2022-ի ամրան: