Երէկ` կիրակի, 20 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ աւարտեցան Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութիւնները:
Ժամանակէն շուտ Հայաստանի ախոյեանի տիտղոսը ապահոված Արման Փաշիկեան վերջին` 9-րդ հանգրուանին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տիգրան Յարութիւնեանի հետ եւ մրցաշարքը աւարտեց 6,5 կէտով:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայկ Մարտիրոսեան (5,5 կէտ), որ այսպիսով չկրցաւ պաշտպանել ախոյեանի կոչումը:
Երրորդ դիրքը գրաւեց (5 կէտով) Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց Զաւէն Անդրէասեանը եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեանը:
Արման Փաշիկեան Հայաստանի ախոյեան հանդիսացած էր նաեւ 2009-ին:
Իսկ աղջկանց ախոյեան հանդիսացաւ Մարիա Գէորգեան, որ յաղթեց նաեւ վերջին հանգրուանին եւ ապահովեց 7 կէտ: Սուզաննա Գաբոյեան հանդիսացաւ երկրորդ (6 կէտով), իսկ երրորդ դիրքը նոյնքան կէտով գրաւեց Սիրանուշ Ղուկասեան:
Մարիա Գէորգեան Հայաստանի ախոյեան հանդիսացած էր նաեւ 2016-ին եւ 2017-ին:
Այսպիսով, Փաշիկեան եւ Գէորգեան, իրաւունք ստացան մաս կազմելու Հայաստանի ազգային հաւաքականներուն:
 
			



