«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած երեք մրցումներէն երկուքին յաղթանակներ արձանագրեցին հիւրընկալ կազմերը, մինչ երրորդին Սան Անթոնիօ Սփըրզ 103-95 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն:

Ինտիանա Փէյսըրզ 120-95 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Շարլոթ Հոռնեթցին, մինչ Մինեսոթա Վուլվզ կողովի մը տարբերութեամբ (116-114)` Ֆէոնիքս Սանզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տերիք Ռոզ նշանակեց 31 կէտ:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Նիւ Եորք Նիքս – Օքլահոմա Սիթի
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Շիքակօ Պուլզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Միլուոքի Պաքս – Տալաս Մավըրիքս
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք
Պրուքլին Նեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Օրլինզ
Պոսթըն Սելթիքս – Մայեմի Հիթ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Եութա Ճեզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ


