Մարզական

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Ունեցաւ Իր Նոր Նախագահը

Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի տնօրէններու խորհուրդի անդամ Սերկէյ Տիաքով ընտրուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ, յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած այս ընտրութիւններուն ան ըլլալով այդ պաշտօնին համար միակ թեկնածուն, մրցակիցի չգոյութեան պատճառով միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ նոր նախագահ: Ան նախապէս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնած էր, որ եթէ ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուի, պիտի հեռանայ Զենիթէն: Ֆետերասիոնի նախագահ Վիթալի Մութքոյի հեռանալէն ետք,...

«Պունտըսլիկա». Տորթմունտ Եւ Պայէրն` Յաղթական

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Պայէրն Միւնիխ, իրենց դաշտերուն վրայ յաղթանակներ արձանագրեցին: Պայէրն Միւնիխի յաղթական մարզիկները Տորթմունտ, որ յաղթեց Պայէր Լեւերքուզընին (3-2), ունեցաւ 54 կէտ, մինչ Պայէրն Միւնիխ ունեցաւ 51 կէտ` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հերթա Պերլինի: Վերջինիս դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Խաւի Մարթինես նշանակեց Պայէրնի...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտում. Լիբանան 2 Կէտի Տարբերութեամբ (69-67) Պարտուեցաւ Նոր Զելանտայէն

Ասիա - Ովկիանա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մրցեցաւ Նոր Զելանտայի դէմ, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ)` ներկայութեամբ աւելի քան ութ հազար հանդիսատեսներու: Մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս ճակատումը ընթացաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ձեւով, իսկ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր Նահտա Պար Էլիաս – ՀՄԸՄ Մրցումը` Պհամտունի Մէջ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Նասեր Պար Էլիաս - Ահլի Սայտա մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Իսկ Ա. դասակարգի 16-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Սահելին, Ահտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ 8 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Նըժմէի վրայ: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

-  - Այսօր` Սեւիլլա - Պարսելոնա -  Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտ - Լիվըրփուլ Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ: Սպանիոյ մէջ, բաւական հետաքրքրական մրցում մը կը խոսատանայ ըլլալ Սեւիլլա - Պարսելոնա հանդիպումը: Անգլիոյ մէջ, գագաթի ճակատումի մը ընթացքին, Լիվըրփուլ հիւրը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Եունայթըտի: Գերմանիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտ...

«Եւրոպայի Լիկա». Արսենալի 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցակիցը` Ֆրանսական Ռեննը

Երէկ` ուրբաթ, 22 փետրուարին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Արսենալ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ ֆրանսական Ռեննը: Անոնց միջեւ երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Անգլիոյ մէջ: Երթի մրցումները պիտի կատարուին 7 մարտին, իսկ դարձի մրցումները` 14 մարտին: Քառորդ աւարտականի զոյգերը եւս պիտի որոշուին վիճակաձգութեամբ: Մրցաշարքին...

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Յաղթեց Իր Հիւրին` Ռոքեթցին, Իսկ Ուորիըրզ` Քինկզին

Շուրջ շաբթուան մը դադարէ ետք, երէկ վերսկսան «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումները եւ կատարուեցան վեց հանդիպումներ: Լէյքըրզ - Ռոքեթց մրցումէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Հիուսթըն Ռոքեթցը, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` 111-106 արդիւնքով: Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ, իսկ Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն` 30 կէտ: Երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ միայն...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք. Այսօր Լիբանան – Նոր Զելանտա Մրցումը` Ժամը 21:30-ին

Լիբանանցի մարզասէր ամբողջ հասարակութեան եւ ի մասնաւորի պասքեթպոլի համակիրներուն ժամադրավայրը այսօր` ուրբաթ, 22 փետրուարին պիտի ըլլայ Զուք Միքայէլի շրջանին մէջ գտնուող «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը, ուր Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարէ զտումի մրցաշարքի իր նախավերջին մրցումը` Նոր Զելանտայի դէմ: Իսկ զտումի վերջին մրցումին, Լիբանան նոյն վայրին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Հուփս Մրցումով Կը Սկսի Դարձի 5-րդ Հանգրուանը

Շուրջ ամիս մը տեւած դադարէ ետք, չորեքշաբթի, 27 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ - Հուփս դարձի 5-րդ հանգրուանի բացման մրցումը, Տիք Մըհտիի մէջ: Հինգշաբթի, 28 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Շիահի մէջ, Պէյրութ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը, իսկ ուրբաթ, 1 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Աթլաս` Սաժեսը: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի շաբաթ,...

«Եւրոպայի Լիկա». Մխիթարեանի Կազմը` Արսենալ, Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանին Իր Տոմսը

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները ամբողջացան երէկ գիշեր` 15 ճակատումներով: Հենրիխ Մխիթարեան երէկուան մրցումին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Արսենալ, որ երթին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր ՊԱԹԷ Պորիսովէն (Պիելոռուսիա), երէկ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը: Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր...

Չորեքշաբթի, 27 Փետրուարին. Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս` Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Էշրեֆիէի Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը կազմակերպէ կէս մարաթոնի վազքի միջազգային իր մրցումը` գործակցութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին: Այս տարի տեղի ունենալիք այս կէս մարաթոնը իրեն խորագիր ունի «Միասին` աւելի ապահով ընկերութեան մը համար»-ը: Այս 12-րդ միջազգային կէս մարաթոնին գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացնելու նպատակով, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը չորեքշաբթի, 27 փետրուարին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Մինի-Ֆութպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վաղուան Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի-ֆութպոլի մրցումներու երրորդ հանգրուանը շարունակուեցաւ շաբաթ, 16 փետրուար 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Արձանագրուած արդիւնքներուն հիման վրայ յստակացան կիսաւարտական մրցումներուն հասած վարժարանները: Ստորեւ կը ներկայացնենք կիսաւարտական մրցումներուն յայտագիրը. Շաբաթ, 23 փետրուար 2019-Մինի-Ֆութպոլի ԺԱՄ Փոքր    Ս. Ագնէս - Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան  14:00 14:00 Փոքր    Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ -Հայ աւետարանական (Այնճար) 14:00 14:00...

Աթլեթիզմ. Լեւոն Աղասեան Հանդիսացաւ Առաջին

Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականը, որ ներկայիս կը գտնուի Թուրքիա` ուսումնամարզական հաւաքի նպատակով, իր մասնակցութիւնը բերաւ միջազգային մրցաշարքի մը: Երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ կապանցի Լեւոն Աղասեան յաջողեցաւ տիրանալ առաջնութեան:  

Պարսելոնա Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Մարքուս Ռեշֆորտը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա շատ մօտէն հետաքրքրուած է անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտով եւ կ՛ուզէ այս ամրան ընթացքին ամէն գնով անոր փոխանցումը իրականացնել, կը յայտնէ «Մունտօ-Տեփորթիւօ»: Եունայթըտի հետ 22 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2020: Ըստ անգլիական կազմին ղեկավարութեան, այս տարեշրջանի աւարտէն ետք, երբ խումբին համար նոր մարզիչ մը նշանակուի, ֆութպոլիստին պայմանագրութեան երկարաձգման շուրջ բանակցութիւնները պիտի...

Ռէալ Մատրիտ` Աշխարհի Լաւագոյն Ակումբը

«Ֆրանս ֆութպոլ»-ի համաձայն, աշխարհի լաւագոյն ակումբը Ռէալ Մատրիտն է, որ ապահոված է 184 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնա (177), ապա` Մանչեսթըր Եունայթըտ (155): Անոնց ետին յաջորդաբար 4-րդէն 10-րդ դիրքերը կը գրաւեն Պայէրն Միւնիխ (135), Լիվըրփուլ (120), Եուվենթուս (107), Փարիզ Սեն Ժերմեն (94), Չելսի (91), Մանչեսթըր Սիթի (89) եւ Արսենալ (88):  

Արսէն Վենկեր Գաղտնի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Նախագահին Հետ

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը 22 տարի գլխաւորած ֆրանսացի Արսեն Վենկեր գաղտնի հանդիպում մը ունեցած է Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆիի հետ: «Լ՛էյքիփ»-ի համաձայն, հանդիպումը տեղի ունեցած է Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած թենիսի մրցումի մը ընթացքին: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններուն, փարիզեան ակումբին նախագահը մարզիչի փոփոխութիւն պիտի կատարէ կազմին մէջ: Վերջերս Վենկեր յայտնած էր, որ իրեն ներկայացած շարք մը ակումբներու...

Յառաջիկայ Տարեշրջանին. Փարիզ Սեն Ժերմեն Պիտի Ունենայ Իր Նոր Հովանաւորը

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին խումբին հովանաւորը պիտի ըլլայ «Աքքոր»`-ը` «Ֆլայ Էմիրէյթց»-ի փոխարէն: Գործարքի մասին ցարդ յստակ տեղեկութիւն չկայ, սակայն մէկ բան յստակ է, որ կողմերուն միջեւ կնքուած է երկարաժամկէտ պայմանագիր մը:

Ռէալ Մատրիտ Որոշեց Բաժնուիլ Կերըթ Պէյլէն

Ըստ սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին, այս ամրան ընթացքին Ռէալ Մատրիտ եւ Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլ իրարմէ պիտի բաժնուին: Նախորդ տարեշրջանի աւարտին 29 տարեկան Պէյլ պատրաստ էր հեռանալու արքայական ակումբէն, բայց ակումբին ղեկավարութիւնը կրցաւ համաձայնութեան գալ անոր հետ, որպէսզի ան չհեռանայ: Նշուեցաւ, որ Պէյլով հետաքրքրուած են շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Չելսի, ինչպէս նաեւ անոր նախկին ակումբը` Թոթենհամ, ուրկէ...

Տեմիշելիսի Բնակարանը Կողոպուտի Ենթարկուեցաւ

Անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթը կը յայտնէ, Պայէրն Միւնիխի, Մանչեսթըր Սիթիի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Մարթին Տեմիշելիսի բնակարանը, որ կը գտնուի սպանական Մարպելիս քաղաքին մէջ, ենթարկուեցաւ կողոպուտի: Աւազակները բնակարանէն դրամ եւ թանկարժէք առարկաներ կողոպտեցին: Իր բնակարանին մէջ գիշերը Տեմիշելիս ձայներ լսելով տեսած է չորս աւազակներ, որոնք զինք տեսնելով անմիջապէս փախած են: Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ իր հետաքննութիւնները` բացայայտելու համար...

Սեմի Խըտիրա Ենթարկուեցաւ Սրտի Վիրաբուժութեան

Եուվենթուսին մաս կազմող միջնապահ Սեմի Խըտիրա, ենթարկուեցաւ սրտի յաջող վիրաբուժութեան, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը: Կ՛ակնկալուի, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը իր փորձերուն սկսի շուրջ ամիս մը ետք: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ակումբին, անոր համակիրներուն եւ իր հարազատներուն, որոնք իրեն մաղթեցին բարի ապաքինում: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ-ի ընթացիկ տարեշրջանին, իր ունեցած վնասուածքներուն պատճառով Խտիրա մասնակցեցաւ միայն 9 մրցումի` նշանակելով 2 կոլ...

Page 732 of 1279 1 … 731 732 733 … 1,279

Արխիւներ