Լիբանանցի մարզասէր ամբողջ հասարակութեան եւ ի մասնաւորի պասքեթպոլի համակիրներուն ժամադրավայրը այսօր` ուրբաթ, 22 փետրուարին պիտի ըլլայ Զուք Միքայէլի շրջանին մէջ գտնուող «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը, ուր Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարէ զտումի մրցաշարքի իր նախավերջին մրցումը` Նոր Զելանտայի դէմ:
Իսկ զտումի վերջին մրցումին, Լիբանան նոյն վայրին մէջ կիրակի, 24 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին պիտի հիւրընկալէ Հիւսիսային Քորէան:
Լիբանանի ազգային խումբը բոլոր տուեալները ունի եւ ի վիճակի է իր երկու մրցակիցներուն դէմ անպայման յաղթանակ արձանագրելու, մանաւանդ որ կասկածէ վեր է, որ մարզադաշտը ամբողջութեամբ պիտի լեցուի լիբանանցի համակիրներով, որոնք պիտի քաջալերեն իրենց կազմը:
Նշենք, որ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նիւթական պարգեւներ խոստացաւ խումբին, անշուշտ եթէ մայրիներու կազմը ապահովէ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: Այդ մրցումները տեղի պիտի ունենան Չինաստանի մէջ:
Նախապէս, Լիբանան երեք անգամ (2002, 2006 եւ 2010) մասնակցած է աշխարհի ախոյեանութեան: