Շուրջ շաբթուան մը դադարէ ետք, երէկ վերսկսան «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումները եւ կատարուեցան վեց հանդիպումներ:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Հիուսթըն Ռոքեթցը, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` 111-106 արդիւնքով:
Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ, իսկ Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն` 30 կէտ:
Երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ միայն կողովի մը տարբերութեամբ` 125-123 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սաքրամենթօ Քինկզը:
Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 36 կէտ:
Միլուոքի Պաքս, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 98-97 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց: Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ (Պաքս) նշանակեց 30 կէտ:


