Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Շապապ Ղազիէի Կրտսերներու Խումբը Ստացաւ Բաւական Ծանր Պատիժներ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 16-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ահտ - Շապապ Սահել 16:00 Մարզական Աւան ՇԱԲԱԹ, 23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ     Ռասինկ - Ախա Ահլի Ալէյ 16:00 Ֆուատ Շեհապ ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ     Շապապ Ղազիէ - Թրիփոլի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Եւ Ռիատի Պէյրութ Հասան Աւարտականին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Եւ Ռիատի Պէյրութ Հասան Աւարտականին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ: Առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս ճակատեցաւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ, մինչ անոր յաջորդեց Ռիատի Պէյրութ - Հուփս մրցումը: ՀՄԸՄ-ի աղջիկները ապահովեցին աւարտականին իրենց տոմսը` արձանագրելէ ետք 55-32 արդիւնքով յաղթանակ մը (26-5, 10-5, 11-13, 8-9): Աւարտականին ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Ռիատիի դէմ, որ 84-42 արդիւնքով յաղթեց...

ՖԻՖԱ-իՆ Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանան

Լիբանանի վարժարաններուն մէջ, ֆութպոլի մարզաձեւը զարգացնելու հիմնական նպատակ ունենալով` ՖԻՖԱ-ի մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանան: Պատուիրակութիւնը ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ եւ նիստեր Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներուն, տարբեր մարզական պատասխանատուներու, վարժարաններու տնօրէններու եւ մարզիչներու հետ: Շարք մը հանդիպումներէ ետք, ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչները լիբանանեան կողմին յայտնեցին, որ այս ծրագիրի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կ՛ակնկալուի կազմակերպել մօտիկ ապագային` ներկայութեամբ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի, որպէսզի Լիբանան ըլլայ...

Փարիզի Մէջ. Սեն Ժոզեֆ Համալսարանը Տիրացաւ 2 Ոսկի Եւ 1 Արծաթ Մետալի

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած միջհամալսարանական միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանեան Սեն Ժոզեֆ համալսարանը, իր մարզիկներուն արձանագրած տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ տիրացաւ 2 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի: Անոր տղոց ֆութպոլի խումբը, ինչպէս նաեւ աղջկանց պասքեթպոլի կազմը հանդիսացան ախոյեան` տիրանալով ոսկի մետալի: Իսկ աղջկանց վոլիպոլի խումբը տիրացաւ արծաթ մետալի: Ինչպէս ծանօթ է, ոչ միայն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող միջհամալսարանական,...

Լողարշաւ. Ժամհուր Վարժարանի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 100 Երկսեռ Լողորդներ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին, հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ «Ֆրանսապանք» դրամատան, Ժամհուր վարժարանի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցան լողարշաւի մրցումներ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի տարբեր շրջաններու վարժարաններէն 100 երկսեռ լողորդներ: Այս մրցաշարքին ընթացքին պայքարը բաւական սուր ընթացաւ, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ փորձեց իր վարժարանին համար մետալ ապահովել: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Ժամհուրի պատասխանատուներուն կողմէ:  

«Չեմփիընզ Լիկ». Եուվենթուս Պարտուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտէն` 2-0 Արդիւնքով

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու ճակատումներ: Սթեր Լինկի նշանակած յաղթանակի կոլը Աթլեթիքօ Մատրիտ հիւրընկալեց Եուվենթուսը, մինչ Մանչեսթըր Սիթի հիւրը եղաւ Շալքէի: Աթլեթիքօ Մատրիտ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Իտալիոյ գործող ախոյեան Եուվենթուսը` 2-0 արդիւնքով: Խոսէ Խիմենես (78-րդ) եւ Տիեկօ Կոտին (83-րդ) նշանակեցին սպանական կազմին կոլերը: Մանչեսթըր Սիթի իր յաղթանակը...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Արսենալ – Պաթէ Պորիսով

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր լոնտոնեան Արսենալը իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պաթէ Պորիսովը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:55-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Լոնտոնեան կազմը յաջորդ հանգրուան հասնելու համար պէտք ունի նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով յաղթանակի մը` նկատի ունենալով, որ երթին Պիելոռուսիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Արսենալին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան...

Եուրա Մովսիսեան` Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստան, յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիա, ուր հետեւեցաւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականի փորձերուն: Ան նշեց, որ իր աղջիկը եւս ֆութպոլ կը խաղայ: Անոր կարծիքով` բնական երեւոյթ է, որ աղջիկներն ալ ֆութպոլ խաղան: Նշենք, որ 2018-ի աւարտին 31 տարեկան...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` ՖԻՏԷ-ի Աշխարհի Կրան-Փրիի Մասնակից

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ) հրապարակեց ՖԻՏԷ-ի աշխարհի կրան փրիի մասնակցողներուն անունները: 2019-ին տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն կը մասնակցի նաեւ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան: Արոնեանէն բացի մրցաշարքին կը մասնակցին Կրիսչուք, Սվիտլեր, Մամետեարով, Ռաճապով, Նաքամուրա, Վաշիէ-Լակրաւ, Թոփալով եւ ուրիշներ: Մրցանակային ընդհանուր հիմնադրամը կը կազմէ 800 հազար եւրօ:

Ճատրակ. «Այրոֆլոթ»-Ի Մրցաշարք. Կեղծ Ահազանգի Պատճառով Ա. Հանգրուանը Դադրեցաւ

Նախանցեալ օր Մոսկուայի «Քոսմոս» պանդոկին մէջ սկսած ճատրակի «Այրոֆլոթ-օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանը մնաց անաւարտ` կեղծ ահազանգի պատճառով: Անոր մասնակցողներէն ոմանք նոյնիսկ առիթ չունեցան պանդոկէն դուրս գալու ընթացքին իրենց հետ առնելու իրենց վերարկուները: Ոստիկանները պանդոկ ժամանելէ ետք յայտարարեցին, թէ այդ ահազանգը կեղծ էր: Անոր Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայկ Մարտիրոսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Արամ Յակոբեան եւ...

Հերի Քէյն Ակնկալուածէն Շուտ Կ՛ապաքինի

«Ի. Էս. Փի. Էն.» մարզական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյն ակնկալուածէն շուտ կ՛ապաքինի իր ստացած վնասուածքէն: Ան արդէն իսկ սկսած է իր փորձերուն եւ շուտով կը վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը, ուրկէ կը բացակայէր նախորդ 13 յունուարէն ի վեր: Ան այս տարեշրջանին մասնակցած է 31 մրցումի` նշանակելով 20 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ:

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի

Երէկ` երեքշաբթի, 19 փետրուարին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամին կ՛ընկերակցէր Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ: Անոնք ողիմպիական կոմիտէին անունով շնորհաւորեցին նախարարը իր պաշտօնին վերստանձնումին առիթով` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ նախարարութեան աշխատանքներուն մէջ: Հանդիպումին աւարտին անոնք նախարարին ներկայացուցին կոմիտէին կատարելիք աշխատանքներուն մասին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր, Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը երեկոյեան ժամը 19:30-ին պիտի մրցի Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի խիտ շարքերով ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը: Այս մրցումին պիտի յաջորդէ (երեկոյեան ժամը 21:30-ին) Ռիատի Պէյրութ - Հուփս մրցումը:

«Չեմփիընզ Լիկ». Երէկուան Երկու Մրցումներն Ալ Աւարտեցան Ճերմակ Հաւասարութեամբ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու ճակատումներ: Այսօր եւս տեղի կ՛ունենան երկու հանդիպումներ: Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Եուվենթուսը, մինչ Շալքէ` Մանչեսթըր Սիթին: Այս երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումներուն, Լիվըրփուլ - Պայէրն Միւնիխ եւ Լիոն - Պարսելոնա առաջին կիսախաղերը վերջ գտան 0-0 հաւասարութեամբ: Բ....

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Կատարելիք Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցն է Հուփս: Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Պէյրութ: Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի կատարելիք մրցումներուն յայտագիրը. ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Հուփս 20:00 Աղբալեան ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Մարզիչներու Միջազգային Դասընթացք

22, 23 եւ 24 փետրուարին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Լուէյզի Զուք Մոսպեհ վարժարանին մէջ կը կազմակերպէ մարզիչներու միջազգային դասընթացք` գործակցաբար իտալացի միջազգային մասնագէտ Ճիորճիօ Կոնտոլֆի: Ֆետերասիոնը բաւական կարեւոր նկատեց այս դասընթացքը` նկատի ունենալով, որ անոր մասնակցողները իրենց գիտելիքները պիտի ընդլայնեն (միջազգային առումով):

Քիքպոքսինկ. Ճիորճիօ Պետրոսեան Պաշտպանեց Տիտղոսը

«Քիքպոքսինկ-Քէյ-1»-ի փորձառու եւ անուանի մարտիկ Ճիորճիօ (Գէորգ) Պետրոսեան, իտալական Մոնզա քաղաքին մէջ իր կատարած մենամարտին, նաք-աութով յաղթեց ճափոնցի Աթսուշի Թամեֆուսուին: Այս մենամարտը աւարտեցաւ առաջին ռաունտին: Իտալիոյ մէջ բնակող հայ մարտիկը առաջին անգամ ըլլալով կը պաշտպանէ կիսամիջին քաշային կարգի` «Այ. Էս. Քէյ. Էյ.- Սուփըր Ուելթըր-Ուէյթ»-ի աշխարհի ախոյեանութեան գօտին: Նշենք, որ անոր կը պատկանի նաեւ «Պելաթոր-Քիքպոքսինկ»-ի ախոյեանական գօտին:

Վրաստանի Մէջ. Հայաստանի Խումբը Յաղթեց Թուրքերուն

Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած ձմեռնային վոլիպոլի (ձիւնի վրայ) «Եւրոպա-Թուր» մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Վրաստանի, Իտալիոյ, Իրանի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Լեհաստանի տղոց 12 խումբերը: Հայաստանի խումբը իր կատարած առաջին մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Թուրքիոյ: Սակայն աւելի ուշ պարտուելով Վրաստանէն եւ Ռուսիայէն (2-0), գրաւեց 7-րդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:

Թենիս. Ֆետերեր Նահանջեց. Սերենա Ուիլիըմզ Վերադարձաւ Լաւագոյն Տասնեակ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, սերպ Նովաք Ճոքովիչ իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 10,955 կէտ, կը մնայ առաջին: Անոր ետին է սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (8320), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ (6475): 37 տարեկան զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր դիրք մը եւս նահանջելով այժմ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը (4100): Ռուսահայ Կարէն Խաչանով (22 տարեկան), որ մնաց 11-րդ (2880),...

Անգլիական Ֆութպոլ. Քառորդ Աւարտականի Զոյգերը Յստակացան

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Մանչեսթըր Սիթի պիտի մրցի Սուանզիի դէմ, իսկ լոնտոնեան Չելսին մրցաշարքէն դուրս ձգած Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, իր դէմ պիտի ունենայ Վուլվզը: Ուաթֆորտի մրցակիցն է Քրիսթալ Փալաս, իսկ վերջին մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Միլուոլ եւ Պրայթըն: Քառորդ աւարտականի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան 15-18 մարտին:

Page 733 of 1279 1 … 732 733 734 … 1,279

Արխիւներ