Եուվենթուսին մաս կազմող միջնապահ Սեմի Խըտիրա, ենթարկուեցաւ սրտի յաջող վիրաբուժութեան, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Կ՛ակնկալուի, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը իր փորձերուն սկսի շուրջ ամիս մը ետք:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ակումբին, անոր համակիրներուն եւ իր հարազատներուն, որոնք իրեն մաղթեցին բարի ապաքինում:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ-ի ընթացիկ տարեշրջանին, իր ունեցած վնասուածքներուն պատճառով Խտիրա մասնակցեցաւ միայն 9 մրցումի` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով մէկ էսիսթ: