Շուրջ ամիս մը տեւած դադարէ ետք, չորեքշաբթի, 27 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ – Հուփս դարձի 5-րդ հանգրուանի բացման մրցումը, Տիք Մըհտիի մէջ:
Հինգշաբթի, 28 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Շիահի մէջ, Պէյրութ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը, իսկ ուրբաթ, 1 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Աթլաս` Սաժեսը:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի շաբաթ, 2 մարտին, երբ երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ Մութթահետ հիւրը կ՛ըլլայ ՀՄԸՄ-ի:
Այս հանգրուանին Ռիատի մրցում չունի կատարելիք: