Ըստ սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին, այս ամրան ընթացքին Ռէալ Մատրիտ եւ Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլ իրարմէ պիտի բաժնուին:
Նախորդ տարեշրջանի աւարտին 29 տարեկան Պէյլ պատրաստ էր հեռանալու արքայական ակումբէն, բայց ակումբին ղեկավարութիւնը կրցաւ համաձայնութեան գալ անոր հետ, որպէսզի ան չհեռանայ:
Նշուեցաւ, որ Պէյլով հետաքրքրուած են շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Չելսի, ինչպէս նաեւ անոր նախկին ակումբը` Թոթենհամ, ուրկէ ան 2013-ին տեղափոխուած էր Սպանիա: