
Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականը, որ ներկայիս կը գտնուի Թուրքիա` ուսումնամարզական հաւաքի նպատակով, իր մասնակցութիւնը բերաւ միջազգային մրցաշարքի մը:
Երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ կապանցի Լեւոն Աղասեան յաջողեցաւ տիրանալ առաջնութեան: