Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը 22 տարի գլխաւորած ֆրանսացի Արսեն Վենկեր գաղտնի հանդիպում մը ունեցած է Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆիի հետ:
«Լ՛էյքիփ»-ի համաձայն, հանդիպումը տեղի ունեցած է Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած թենիսի մրցումի մը ընթացքին:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններուն, փարիզեան ակումբին նախագահը մարզիչի փոփոխութիւն պիտի կատարէ կազմին մէջ:
Վերջերս Վենկեր յայտնած էր, որ իրեն ներկայացած շարք մը ակումբներու առաջարկները մերժած է: