
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին խումբին հովանաւորը պիտի ըլլայ «Աքքոր»`-ը` «Ֆլայ Էմիրէյթց»-ի փոխարէն:
Գործարքի մասին ցարդ յստակ տեղեկութիւն չկայ, սակայն մէկ բան յստակ է, որ կողմերուն միջեւ կնքուած է երկարաժամկէտ պայմանագիր մը: