Ասիա – Ովկիանա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մրցեցաւ Նոր Զելանտայի դէմ, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ)` ներկայութեամբ աւելի քան ութ հազար հանդիսատեսներու:
Մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս ճակատումը ընթացաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ձեւով, իսկ մինչեւ մրցումին վերջին երկվայրկեանները չյստակացաւ յաղթական կազմին անունը:
Սակայն հիւր կազմը տարաւ վերջնական յաղթանակը` 2 կէտի տարբերութեամբ, 69-67 արդիւնքով:
Մրցումին տեւողութեան, Նոր Զելանտա նոյնիսկ ունեցաւ տասը կէտի առաւելութիւն մը:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Հայտար (16):
Նկատի ունենալով, որ Յորդանան եւս յաղթանակ մը արձանագրեց Չինաստանի դէմ (86-62), վերջին հանգրուանի մրցումները պիտի վճռեն անունը այն չորրորդ խումբին, որ պիտի ապահովէ Չինաստանի իր տոմսը:
Վաղուան մրցումները պիտի ըլլան ճակատագրական:
Լիբանան վաղը յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին, նոյն մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Հարաւային Քորէան, իսկ Յորդանան` Նոր Զելանտան:
Որպէսզի Լիբանան կարենայ ապահովել աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը, Հարաւային Քորէա եւ Նոր Զելանտա պէտք է ամէն գնով պարտուին:



