Յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը կազմակերպէ կէս մարաթոնի վազքի միջազգային իր մրցումը` գործակցութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին:
Այս տարի տեղի ունենալիք այս կէս մարաթոնը իրեն խորագիր ունի «Միասին` աւելի ապահով ընկերութեան մը համար»-ը:
Այս 12-րդ միջազգային կէս մարաթոնին գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացնելու նպատակով, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը չորեքշաբթի, 27 փետրուարին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` յատուկ հրաւիրեալներու եւ զինուորականներու ներկայութեան:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ Էշրեֆիէի շրջանին մէջ գտնուող` ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնատեղիին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: