Սպանական Ֆութպոլ. «Քլասիքօ»-ին Իրաւարարները Յստակացան
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը «Լա լիկա»-ի 26-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուելիք Ռէալ Մատրիտ - Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ի մրցումին իրաւարարները որոշեց: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Ալեխանտրօ Հեռնանտես, իսկ ՎԱՐ համակարգին վրայ պիտի ըլլայ Անթոնիօ Մաթէօ Լաոս: Նախապէս, Հեռնանտես երեք առիթով եղած է «Քլասիքօ»-ի կեդրոնի իրաւարար, յաջորդաբար երեք տարիներու ընթացքին (2 ապրիլ 2016, 23 ապրիլ 2017 եւ 6 մայիս 2018):


