Անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթը կը յայտնէ, Պայէրն Միւնիխի, Մանչեսթըր Սիթիի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Մարթին Տեմիշելիսի բնակարանը, որ կը գտնուի սպանական Մարպելիս քաղաքին մէջ, ենթարկուեցաւ կողոպուտի:
Աւազակները բնակարանէն դրամ եւ թանկարժէք առարկաներ կողոպտեցին:
Իր բնակարանին մէջ գիշերը Տեմիշելիս ձայներ լսելով տեսած է չորս աւազակներ, որոնք զինք տեսնելով անմիջապէս փախած են:
Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ իր հետաքննութիւնները` բացայայտելու համար յանցագործները:
Ան 2017-ին աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան Արժանթինի հետ կատարած է 51 միջազգային մրցում: