Մարզական

Սամպօ. Հայաստան Տիրացաւ 16 Մետալի` Եւրոպայի Պատանեկան Եւ Երիտասարդական Ախոյեանութիւններուն

Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի սամպոյի հաւաքականի 22 անդամներէն 16-ը մետալակիր դարձան կիպրական Լիմասոլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութիւններուն ընթացքին: Այս ախոյեանութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 260 երկսեռ մարզիկներ: Պատանիներու հաւաքականը տիրացաւ 2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալի, իսկ երիտասարդականը` 3 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի:

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Բաւարարուեցաւ Երկու Պրոնզ Մետալով

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը, ողիմպիականի ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեանի գլխաւորութեամբ բաւարարուեցաւ երկու պրոնզ մետալով: 72 քկ դասակարգին մէջ, Հրանդ Կալաչեան երրորդ պրոնզ մը պիտի ապահովէր Հայաստանին, բայց ան պարտութիւն կրեց: Հայաստանի համար առաջին պրոնզ մետալը ապահոված էր Արսէն Ջուլֆալակեան (77 քկ), իսկ երկրորդը` Կարէն Ասլանեան (67 քկ):

Աբրահամ Խաշմանեան` Ալաշկերտի Գլխաւոր Մարզիչ

Ալաշկերտի ղեկավարութիւնը երկկողմանի համաձայնութեամբ իր պայմանագրութիւնները խզեց գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեանի եւ անոր մարզիչներու խմբակին հետ: Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Աբրահամ Խաշմանեան, որուն գլխաւորութեամբ Ալաշկերտ յաջորդական երկու տարեշրջաններու ընթացքին հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան: Նախքան այս, Խաշմանեան հեռացուած էր Արարատէն:  

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա – Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Եուվենթուս – Այաքս Ամսթերտամ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր եւ վաղը (իւրաքանչիւր օր` երկու ճակատում): Դարձի այս մրցումները ճակատագրական պիտի ըլլան մանաւանդ այն խումբերուն համար, որոնք երթին արձանագրած են ոչ համոզիչ արդիւնքներ: Նշենք, որ բոլոր մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ երթին, իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Պարսելոնայէն, այսօր քիչ մը...

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Ուորիըրզ Եւ Ռոքեթց` Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին սկսան «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները, երբ կատարուեցան ութ ճակատումներ: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ երկրին գործող ախոյեանն է, 121-104 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 38 կէտ: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Ճէյմս Հարտենի կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 122-90 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Եութա Ճեզը: Հարտեն նշանակեց 29 կէտ: Փորթլենտի...

«Ֆորմիւլա-1». Այս Տարեշրջանին «Մերսետես»-ի Երրորդ Տուպլէն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան Չինաստանի կրան-փրին: «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 75-րդ յաղթանակը, երբ հանդիսացաւ առաջին: Անոր խմբակից Վալթերի Պոթթաս (Ֆինլանտա) հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Սեպասթիան Վեթել («Ֆեռարի»): Այսպիսով, «Մերսետես» այս տարեշրջանի իր երրորդ տուպլէն իրագործեց: Հեմիլթըն այժմ ունի 68 կէտ, մինչ Պոթթաս` 62: «Մերսետես» ունի 130 կէտ, մինչ...

Ծանրաբարձութիւն.  Սիմոն Մարտիրոսեան` Եւրոպայի Կրկնակի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Սիմոն Մարտիրոսեան` Եւրոպայի Կրկնակի Ախոյեան

Պաթումի մէջ աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: Սիմոն Մարտիրոսեան 109 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի 22 տարեկան ներկայացուցիչը երկամարտի արդիւնքով ապահովեց 427 քկ: Նշենք, որ ան Ռիոյի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան է, 2018-ին` աշխարհի ախոյեան եւ մրցանշակիր, 2017-ին` Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան տիտղոսակիր, համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան, Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեան եւ...

Արեւմտեան Ասիոյ Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս 80-63 Արդիւնքով Յաղթանակով Մը Սկսաւ Մրցաշարքը

Արեւմտեան Ասիոյ Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 80-63 Արդիւնքով Յաղթանակով Մը Սկսաւ Մրցաշարքը

Երէկ` կիրակի, 14 ապրիլին, Ամմանի մէջ (Յորդանան) սկսաւ ՖԻՊԱ-ի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան (ՈՒԱՊԱ) մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը, որ առաջին մրցումին ճակատեցաւ իրանեան Պահմանի դէմ, արձանագրեց 80-63 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մոնիք Պիլինզ, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 20 ռիպաունտ): Ռեպեքքա Աքըլ նշանակեց 19 կէտ, Միրամար Մըքտատ` 13...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Շանվիլը` Տիք Մըհտիի Մէջ Արձանագրելով 83-76 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը

Երէկ` կիրակի, 14 ապրիլին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ֆայնըլ-ֆորի (կիսաւարտական) մրցումները: Շանվիլ, որ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Ռիատին, եօթը կէտի տարբերութեամբ` 83-76 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (13-20, 20-23, 17-20, 26-20): Երէկուան մրցումէնPROFOTO Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շանվիլէն Ահմետ Իպրահիմ (21): Ռիատիէն 19 կէտ նշանակեց Ուաէլ Արաքժի, մինչ անոր խմբակից Ճասթին Պրաունի` 18: Ֆայնըլ-ֆորի...

Սամպօ. Արսէն Կարապետեան` Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեան

Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Արսէն Կարապետեան հանդիսացաւ Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան 75 քկ դասակարգի ախոյեան: Արծաթէ մետալի տիրացան Վարսիկ Գրիգորեան (56 քկ) եւ Գէորգ Վարդանեան (48 քկ), իսկ պրոնզէ մետալի Արամ Աղաջանեան (60 քկ), Վահան Շահբազեան (48 քկ) եւ Նարեկ Դալլաքեան (62 քկ):    

Մարմնամարզութիւն. Վահագն Դաւթեան Եւրոպական Խաղերու Տոմս Մը Ապահովեց

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած Վահագն Դաւթեան յաջողեցաւ իր ձեռք ձգած այդ արդիւնքին շնորհիւ եւրոպական խաղերու տոմս ալ ապահովել, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Յունիսին տեղի ունենալիք այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Արթուր Դաւթեան: Շատ հաւանական է, որ անոր մասնակցի նաեւ Արթուր Թովմասեան:

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Արսէն Ջուլֆալակեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Արսէն Ջուլֆալակեան տիրացաւ պրոնզէ մետալի: Ան 77 քկ դասակարգին մէջ 5-1 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի Տանիել Ալեքսանտրովին: 63 քկ դասակարգին մէջ, Սլաւիկ Գալստեան պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին ընթացքին պարտուեցաւ: Այս դասակարգին մէջ ախոյեան հռչակուեցաւ Ռուսիան ներկայացնող Ստեփան Մարիանեան, որ աւարտականին 9-0 արդիւնքով յաղթեց նորվեկիացի իր մրցակիցին:...

Կռփամարտ.  Անուշ Գրիգորեան Ոսկիէ Մետալակիր

Կռփամարտ. Անուշ Գրիգորեան Ոսկիէ Մետալակիր

Ոչ արհեստավարժ կռփամարտի եւրոպական ֆետերասիոնին եւ Գերմանիոյ կռփամարտի ֆետերասիոնին կազմակերպած «Քէօլն Պոքսինկ Ուորլտ Քափ»-ի մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անուշ Գրիգորեան 51 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկիէ մետալին: Ան աւարտականին պարտութեան մատնեց իրլանտացի իր մրցակիցը: 1970-էն ի վեր տեղի ունեցող այս մրցաշարքին այս տարի իրենց մասնակցութիւնը բերին 20 երկիրներէ 160 ներկայացուցիչներ:

Պասքեթպոլ. Արագած` Հայաստանի Ա. Լիկայի 2018-2019 Տարեշրջանի Ախոյեան

Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի 2018-2019 տարեշրջանի աւարտականի չորրորդ մրցումին, Արագած հռչակուեցաւ ախոյեան` 97-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Ուրարտու - Վիվարոյի դէմ: Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Արցախ - Ստեփանակերտը:

«Քալչիօ». Եուվենթուս ՍՓԱԼ-էն Կրեց Անակնկալ Պարտութիւն Մը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուս ՍՓԱԼ»-ի (13-րդ) դաշտին վրայ կրեց անակնկալ պարտութիւն մը` 2-1 արդիւնով: Եուվենթուսի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի որոշումով, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի նախօրեակին հանգստանալու առիթ մը տրուած էր փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին եւ խրուաթ Մարիօ Մանծուքիչին:  

«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Ոչ Համոզիչ Հաւասարութիւնը` Հուեսքայի Հետ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց վերջին դիրքին վրայ գտնուող Հուեսքայի դաշտին վրայ: Նշենք սակայն, որ Պարսելոնայէն բացակայեցան Մեսսի, Սուարեզ, Ռաքիթիչ, Փիքէ, Ռաֆինիա եւ ուրիշներ: Պարսելոնայի արձանագրած այս հաւասարութենէն մեծագոյն օգտուողը եղաւ անոր անմիջական մրցակիցը` երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Լիբանանի Բաժակակիր` 85-79 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք ՀՄԸՄ-ին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 2019 տարուան բաժակի մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի միջեւ: PROFOTO «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտը (Զուք Միքայէլ) կիսուած էր երկուքի` երկու կազմերուն մեծաթիւ համակիրներուն միջեւ: Չէզոք դաշտի վրայ կատարուող մրցումները (մանաւանդ` բաժակի մրցաշարք), կ՛ըլլան իւրայատուկ, իրողութիւն մը, որ չեն տեսներ լիբանանեան դաշտերը` նկատի ունենալով, որ մրցումները կ՛ընթանան միայն հիւրընկալ կազմին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Պէյրութ` 47-55

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կատարեց դարձի իր առաջին մրցումը, երբ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ մրցեցաւ Պէյրութի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, թէեւ լաւ ներկայացում մը ունեցաւ, բայց աւարտին 8 կէտի տարբերութեամբ` 55-47 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Լիվըրփուլ – Չելսի Եւ Լիլ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Լիվըրփուլ – Չելսի Եւ Լիլ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիվըրփուլ - Չելսի եւ Լիլ - Փարիզ Սեն Ժերմեն ճակատումները պիտի ըլլան բաւական տաք եւ հետաքրքրական: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց գրաւած դիրքերը).

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով

Փինկ Փոնկ. Լեռնալիբանանի Նահանգի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգի մրցումները` մասնակցութեամբ 41 ակումբներու, որոնք բաժնուեցան տասը խմբակներու: Տասը խմբակներու առաջին դիրքերը գրաւող հետեւեալ խումբերը ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը. Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա (Ա. խմբակ), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Բ. խմբակ), Ժամհուր (Գ. խմբակ), ՀՄԸՄ Անթիլիաս (Դ. խմբակ), Շապապ Զուք-Մոսպեհ...

Page 712 of 1279 1 … 711 712 713 … 1,279

Արխիւներ