Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած Վահագն Դաւթեան յաջողեցաւ իր ձեռք ձգած այդ արդիւնքին շնորհիւ եւրոպական խաղերու տոմս ալ ապահովել, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Յունիսին տեղի ունենալիք այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Արթուր Դաւթեան:
Շատ հաւանական է, որ անոր մասնակցի նաեւ Արթուր Թովմասեան: