Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը, ողիմպիականի ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեանի գլխաւորութեամբ բաւարարուեցաւ երկու պրոնզ մետալով:
72 քկ դասակարգին մէջ, Հրանդ Կալաչեան երրորդ պրոնզ մը պիտի ապահովէր Հայաստանին, բայց ան պարտութիւն կրեց:
Հայաստանի համար առաջին պրոնզ մետալը ապահոված էր Արսէն Ջուլֆալակեան (77 քկ), իսկ երկրորդը` Կարէն Ասլանեան (67 քկ):