Ոչ արհեստավարժ կռփամարտի եւրոպական ֆետերասիոնին եւ Գերմանիոյ կռփամարտի ֆետերասիոնին կազմակերպած «Քէօլն Պոքսինկ Ուորլտ Քափ»-ի մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անուշ Գրիգորեան 51 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկիէ մետալին:
Ան աւարտականին պարտութեան մատնեց իրլանտացի իր մրցակիցը:
1970-էն ի վեր տեղի ունեցող այս մրցաշարքին այս տարի իրենց մասնակցութիւնը բերին 20 երկիրներէ 160 ներկայացուցիչներ: