Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.       Պէյրութ Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին (76-72)  Եւ Արդիւնքը Հաւասարեցուց 1-1-ի

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին (76-72) Եւ Արդիւնքը Հաւասարեցուց 1-1-ի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 17 ապրիլին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը: Ինչպէս ծանօթ է, առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Շիահի մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 98-80 արդիւնքով: Այս իրողութենէն մեկնելով` Պէյրութ իր ամէն կարելին պիտի փորձէր ընել, որպէսզի ՀՄԸՄ դարձեալ...

Ուապա-Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ֆուհէյս Մրցումը` Ժամը 19:00-ին

Ամմանի մէջ տեղի ունեցող ՈՒԱՊԱ-ի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան (Արեւմտեան Ասիա) վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 18 ապրիլին, երբ ժամը 19:00-ին իրարու դէմ կը մրցին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ֆուհէյս (Յորդանան): ՀՄԸՄ ցարդ անպարտելի է, մինչ մրցակից կազմը կրած է մէկ պարտութիւն: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով այսօր յաղթանակ մը եւս արձանագրել եւ տիտղոսով վերադառնալ Լիբանան:

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Նափոլի – Արսենալ Դարձի Մրցումը

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 18 ապրիլին, տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան սոյն չորս խումբերը, որոնք կը հասնին կիսաւարտականին: Լոնտոնեան Արսենալը իր մրցումը պիտի կատարէ Իտալիոյ մէջ, ուր պիտի մրցի Նափոլիի դէմ` Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 22:00-ին: Երթին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց...

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Թոթենհամ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր, եւ յստակացան վերջին երկու խումբերը, որոնք ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Լիվըրփուլ, որ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Փորթոյի դէմ, այս անգամ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի երկրորդ կոլը: Իսկ զուտ անգլիական ճակատումին, Մանչեսթըր Սիթի թէեւ յաղթեց իր հիւրին` Թոթենհամին (4-3), սակայն դուրս...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռեփթըրզ Եւ Նակեթց Յաղթանակներ Արձանագրելով Արդիւնքը Հաւասարեցուցին 1-1-Ի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ հիւրընկալեց Օրլանտօ Մեճիքը, 111-82 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 1-1-ի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 37 կէտ: Իր կարգին, Տենվըր Նակեթց արդիւնքը հաւասարեցուց 1-1-ի, երբ 114-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սան Անթոնիօ Սփըրզը: Վերջինէն Տեմար Տերոզան նշանակեց 31 կէտ: Ինչ...

Ֆրանսայի Մէջ Հանդէս Եկող 3 Ֆութպոլիստներ Միացան Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 18-20 ապրիլին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ պիտի կատարէ իր հերթական հաւաքը: 20 ապրիլին նախատեսուած է ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` Արցախի դէմ: Այս հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ֆրանսայի մէջ հանդէս եկող 3 ֆութպոլիստներ: Ստորեւ` հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեանի կողմէ նկատի առնուած 24 մարզիկներուն անունները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Յարութիւն Մելքոնեան...

Ճատրակ. «Ռէյքիուիք Օփըն». Տիգրան Պետրոսեան Հանդիսացաւ 6-րդ

Իսլանտայի մէջ տեղի ունեցած «Ռէյքիուիք օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Տիգրան Պետրոսեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով բաժնեց 1-8-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշով ան հանդիսացաւ 6-րդ: Հայաստանի երկու այլ ներկայացուցիչները` Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան, 6,5-ական կէտ ապահովելով բաժնեցին 9-10-րդ դիրքերը: 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Պետրոսեան եւ Մովսիսեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Յովհաննիսեան` հաւասարութիւն մը: Տիտղոսին տիրացաւ ռումանացի Քոնսթանթին...

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Էլինա Դանիէլեան Կէս Կէտով Ետ Կը Մնայ Յառաջատարէն

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականի թիւ 1 դասուած Էլինա Դանիէլեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ուքրանացի Աննա Ուշենինայի հետ: Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիա Գէորգեան յաղթեցին, մինչ Աննա Սարգսեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան` պարտուեցան: 7-րդ հանգրուանի նախօրեակին, այժմ Դանիէլեան, որ ունի 4,5 կէտ, կէս կէտով միայն ետ կը մնայ առաջին դիրքին վրայ գտնուող ռուս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Պէյրութ Երկրորդ Ճակատումը` Ժամը 19:30-ին

Ռիատի - Շանվիլ` 2-0 Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ (կիսաւարտական), երէկ գիշեր Մանարայի Սաէպ Սալամ դաշտին վրայ երկրորդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման եկան Ռիատի եւ Շանվիլ: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք այս ճակատումը մինչեւ վերջին երկվայրկեանները չպարզեց յաղթական կազմին անունը: Մրցումին աւարտէն շուրջ 15 վայրկեան առաջ, մինչ երկու կազմերը նշանակած էին 65-ական կէտ, Ուաէլ Արաքժի...

Ուապա – Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը Թաուրայի Դէմ` 82-54 Արդիւնքով

Ուապա – Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը Թաուրայի Դէմ` 82-54 Արդիւնքով

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ («ՈՒԱՊԱ») աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 16 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 82-54 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թաուրան (Սուրիա): Այսօր, ժամը 16:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Օրթոտոքսը, իսկ վաղը ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Ֆուհէյսի դէմ:

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնի Կեդրոնատեղիին Մէջ. Հապիպ Զարիֆէ Եւ Նասրի Լահուտ Կնքեցին Փրոթոգոլային Համաձայնագիր Մը

Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Նասրի Լահուտ յատուկ այցելութիւն մը տալով Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին (Հըրշ Թապեթ), փրոթոգոլային համաձայնագիր մը կնքեց վերոնշեալ ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէի հետ: Համաձայնագիրի կնքման արարողութեան ներկայ գտնուեցան միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ եւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար մասթըր Մարք Հարպ: Կողմերը իրարու հետ յանգեցան շարք մը պայմանաւորուածութիւններու որոնց կարգին պիտի ըլլայ կազմակերպել միջհամալսարանական ախոյեանութիւն` հսկողութեամբ Լիբանանի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Շաբաթավերջին` Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որ պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով. ՇԱԲԱԹ, 20 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շապապ Սահել - Սալամ Զղարթա 16:00 Ահտ Ռասինկ - Թրիփոլի 16:00 Ճիւնի Պեքաա Ռիատի - Սաֆա 16:00 Նեպի Շիթ Ախա Ահլի Ալէյ - Շապապ Ղազիէ 16:00 Պհամտուն Անսար...

Ինքնաշարժներու Աշխարհ. Ելեկտրականութեամբ Աշխատող Ինքնաշարժներու Յատուկ Ցուցահանդէս

Նախորդ շաբաթավերջին առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ինքնաշարժներու ցուցահանդէս մը: «Ի-Մոթորշօ» անունին տակ տեղի ունեցած այս ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր «Ղարղուր» հաստատութեան կողմէ, որ Լիբանանի մէջ «Մերսետես» ընկերութեան միջնորդն է, ցուցադրուեցան «Ի. Քիւ-Փաուըր» եւ «Ի. Քիւ-Պուսթ» ինքնաշարժները, որոնք կը բանին ելեկտրականութեամբ: Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուողները առիթը ունեցան վարելու այդ ինքնաշարժները, որոնք...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, Իսկ Այաքս Ամսթերտամ` Եուվենթուսը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի երկու մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր: Մնացեալ երկուքը տեղի կ՛ունենան այսօր, երբ կը յստականան կիսաւարտականին հասնող խումբերը: Այսօրուան մրցումներուն, Փորթօ կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը, իսկ Մանչեսթըր Սիթի` Թոթենհամը: Երթին Լիվըրփուլ յաղթեց 2-0 արդիւնքով, իսկ Թոթենհամ` 1-0 արդիւնքով: Լիոնել Մեսսի Երէկուան մրցումներուն, Պարսելոնա բաւական հանգիստ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 3-0 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Մանչեսթըր...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հենրիխ Մխիթարեանին Պիտի Աջակցի` Ազրպէյճանական Այցեգիր Ստանալու Համար

«Ի. Էս. Փի. Էն.» հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին պիտի աջակցի, որպէսզի ան ազրպէյճանական այցեգիր կարենայ ստանալ, անշուշտ եթէ անոր ակումբը ապահովէ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը: Այս մրցաշարքին աւարտականը տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ: Քառորդ աւարտականին Արսենալի մրցակիցն է Նափոլի (Իտալիա): Երթին...

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Քլիփըրզ Եւ Սիքսըրզ Արդիւնքը Հաւասարեցուցին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Արեւելեան շրջանին մէջ, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, որ առաջին մրցումին պարտուած էր Պրուքլին Նեթցէն, 145-123 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով արդիւնքը հաւասարեցուց 1-1-ի: Սիքսըրզէն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Պեն Սայմընս (18 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ): Արեւելեան շրջանին մէջ, իր կարգին, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ արդիւնքը հաւասարեցուց, երբ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Բացառիկ Ներկայացում Մը Ցուցադրելով  Արձանագրեց 98-80 Արդիւնքով  Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը` Պէյրութի Դէմ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բացառիկ Ներկայացում Մը Ցուցադրելով Արձանագրեց 98-80 Արդիւնքով Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը` Պէյրութի Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ֆայնըլ-ֆորի (կիսաւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 15 ապրիլին, տեղի ունեցաւ, Պէյրութ-ՀՄԸՄ առաջին ճակատումը, առաջինին դաշտին` Շիահի մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Առաջին մրցումը սկսաւ Պէյրութի դաշտէն` նկատի ունենալով, որ անիկա գրաւած էր դասաւորման երկրորդ դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ` երրորդ դիրքը: Պէյրութ մրցումը...

Փինկ Փոնկ. Լեռնալիբանանի Նահանգի Ախոյեանութիւն. Ֆետի Աքտաս – Պաուշրիէ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լեռնալիբանանի նահանգի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին Ֆետի Աքտաս - Պաուշրիէ հանդիսացաւ ախոյեան, աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմային: Յաղթական կազմին մէջ էին Ժոզեֆ Շալհուպ, Ռալֆ Համտար եւ Հիլալ Մուխթար: Երրորդ դիրքը գրաւեց Ժամհուր` 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայէն,...

Իր Կատարած Մրցումին Ընթացքին. Արժանթինեան Սան Լորենզօ Ֆութպոլի Խումբը Յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Նախքան Արժանթինի ֆութպոլի Սուփըրլիկայի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած Սան Լորենզօ - Հուրաքան մրցումին ազդանշանին տրուիլը, Սան Լորենզօ յիշեց Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը: Անոր մարզիկները հսկայ պաստառի մը վրայ գրած էին. «24 ապրիլ 1915. Եկէ՛ք յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Այս յիշատակումը տեղի ունեցաւ «Փետրօ Պիտեկեն» մարզադաշտին վրայ` նախաձեռնութեամբ ակումբի նախագահ Մաթիաս Լամենսի: «Իսկապէս հիանալի էր կատարուածը, նախքան այս մրցումի ազդանշանին տրուիլը»,...

Գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին.  Տեղի Ունեցաւ Աղջկանց 2-րդ Միջազգային Ռելին

Գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին. Տեղի Ունեցաւ Աղջկանց 2-րդ Միջազգային Ռելին

Հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աղջկանց 2-րդ միջազգային ռելին` մասնակցութեամբ 21 ինքնաշարժներու, որոնց վարորդները կը ներկայացնէին 18 երկիրներ: Տիտղոսին տիրացաւ սպանացի Մարիա Փինօ, երկրորդ հանդիսացաւ ամերիկացի Քրիսթինա Իսթրատա, իսկ երրորդ` քանատացի Ռոքսան Թութա: Ռելիին սկզբնաւորման ազդանշանին վայրը հանդիսացաւ «Զէյթունա պէյ»-ի շրջանը, որ եղաւ նաեւ ժամանման վայրը: Լուսանկարները Տրամադրեց` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ  

Page 711 of 1279 1 … 710 711 712 … 1,279

Արխիւներ