Երէկ` կիրակի, 14 ապրիլին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ֆայնըլ-ֆորի (կիսաւարտական) մրցումները:
Շանվիլ, որ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Ռիատին, եօթը կէտի տարբերութեամբ` 83-76 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (13-20, 20-23, 17-20, 26-20):

PROFOTO
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շանվիլէն Ահմետ Իպրահիմ (21): Ռիատիէն 19 կէտ նշանակեց Ուաէլ Արաքժի, մինչ անոր խմբակից Ճասթին Պրաունի` 18:
Ֆայնըլ-ֆորի երկրորդ մրցումը այսօր իրարու դէմ կը հանէ Պէյրութը եւ ՀՄԸՄ-ը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ առաջինին դաշտին` Շիահի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի լաւ ներկայացում մը ունենալով ամէն ճիգ ի գործ դնել` մրցակիցին դաշտին վրայ յաղթանակ մը արձանագրելու համար:
Անկարելի ոչինչ կայ արձանագրելու համար յաղթանակ մը` մրցակիցին դաշտին վրայ:


