Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 2019 տարուան բաժակի մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի միջեւ:
«Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտը (Զուք Միքայէլ) կիսուած էր երկուքի` երկու կազմերուն մեծաթիւ համակիրներուն միջեւ:
Չէզոք դաշտի վրայ կատարուող մրցումները (մանաւանդ` բաժակի մրցաշարք), կ՛ըլլան իւրայատուկ, իրողութիւն մը, որ չեն տեսներ լիբանանեան դաշտերը` նկատի ունենալով, որ մրցումները կ՛ընթանան միայն հիւրընկալ կազմին համակիրներուն ներկայութեան:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, անիկա եղաւ բաւական տաք ճակատում մը` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր խումբ կը փորձէր ինք ըլլալ տիտղոսին տիրացողը:
ՀՄԸՄ չկրցաւ տիտղոսը պահել իր մօտ, երբ պարտուեցաւ 85-79 արդիւնքով (25-19, 15-18, 22-22 եւ 23-20):
Երրորդ քորթըրին կէսերուն, Ռիատի կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց մինչեւ 15 կէտի (60-45): Սակայն ՀՄԸՄ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բաւական նուազեցնել, նոյնիսկ հասնելով մինչեւ 2 կէտի:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուոլթըր Հոճ (18), մինչ Ռիատիէն` Տոմինիք Ճոնսըն (24):
Ռիատիէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Իսմայիլ Ահմետ (14 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Ճասթին Պրաունլի (16 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նըժէյմ, Զիատ Թաննուս եւ Ատել Խուէյրի:
Աւարտին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի տիտղոսը յանձնեց Ռիատիի խմբապետ Ժան Ապտելնուրին: