Պաթումի մէջ աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:

109 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի 22 տարեկան ներկայացուցիչը երկամարտի արդիւնքով ապահովեց 427 քկ:
Նշենք, որ ան Ռիոյի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան է, 2018-ին` աշխարհի ախոյեան եւ մրցանշակիր, 2017-ին` Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան տիտղոսակիր, համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան, Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեան եւ մրցանշակիր, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան եւ Նանճինկ-2014-ի պատանեկան ողիմպիական խաղերու ախոյեան:

Ինչ կը վերաբերի 109 քկ եւ վեր դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ալեքսանեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` երկամարտի մրցումներուն ապահովելով 440 քկ, իսկ ողիմպիականի փոխախոյեան Գոռ Մինասեան հանդիսացաւ հինգերորդ:
Առաջին երկու դիրքերը գրաւեցին վրացի մարզիկները:
Հայաստան տիրանալով 5 մետալի (2 ոսկի, 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ), խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:



