Նախորդ շաբաթավերջին սկսան «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները, երբ կատարուեցան ութ ճակատումներ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ երկրին գործող ախոյեանն է, 121-104 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 38 կէտ:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Ճէյմս Հարտենի կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 122-90 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Եութա Ճեզը: Հարտեն նշանակեց 29 կէտ:
Փորթլենտի մէջ, Օքլահոմա Սիթի 104-99 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թրէյլ Պլէյզըրզէն, հակառակ անոր որ Ռասըլ Ուեսթպրուք թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (24 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Ստորեւ` ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները.
Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ | 84-74 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օքլահոմա Սիթի | 104-99 |
Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 121-86 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Եութա Ճեզ | 122-90 |
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պրուքլին Նեթց | 102-111 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Օրլանտօ Մեճիք | 101-104 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 121-104 |
Տենվըր Նակեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 96-101 |