Մարզական

Մոթորսայքլինկ. Կատարուեցաւ «Էնտուրօ» Բաժակի Մրցաշարքին Ա. Հանգրուանը

Կազմակերպութեամբ «Էյ. Էն.-Պուխաթեր» ընկերութեան, տեղի ունեցաւ «Էնտուրօ» մոթորսայքլինկի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանը, «Մթէյն-Չելընճ» անունին տակ` հովանաւորութեամբ Մթէյն եւ Միշխա քաղաքապետութեան: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 34 մասնակցողներ, բաժնուած` չորս դասակարգերու. վեթերաններ, արհեստավարժներ, սկսնակներ եւ փոքրեր: Անիկա տեղի ունեցաւ «Ռետի Թու Ռէյս - Էքսփիրիընս» կարգախօսին ներքեւ: Մրցաշարքին իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին եւ հովանաւորողները եղան «Թոթալ», «Քոմըրշըլ-ինշուրընս», «Թաննուրին», «Սքայ-ուորլտ» եւ «Էնտուրօ-կայզ» ընկերութիւնները: Մրցաշարքին մասնակցողները...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Փորթուգալ

Հինգշաբթի, 11 ապրիլին Լիբանանի Քոնկ ֆու-Ուու շուի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Փորթուգալ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 12-16 ապրիլին տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Պասսամ Նոհրա, իսկ խումբին մարզիչն է Ռաէտ Ապու Շաքրա:

Պասքեթպոլ. Սաժես Այն Սաատէ Իր Մօտ Պահեց Դպրոցականներու Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Դպրոցականներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական ճակատումին, Սաժես Այն Սաատէի տղոց խումբը տիտղոսը պահեց իր մօտ, երբ 73-47 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին: Սաժես երրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանար այս տիտղոսին: Աւարտական այս մրցումը տեղի ունեցաւ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլի: Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլիաս Սաատ (22), մինչ անոր խմբակիցներ...

Ֆութպոլ. Աշխարհի Վարժարաններու Ախոյեանութիւն. Լիբանան Պարտութիւն Մը Կրեց Քառորդ Աւարտականին

Լիբանանի ֆութպոլի խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ աշխարհի վարժարաններու ախոյեանութեան, չկրցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 2-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0) պարտութիւն մը կրեց Սլովենիայէն: Լիբանան այժմ մրցում մը եւս պիտի կատարէ` 5-8-րդ դիրքերուն համար:  

Հայկական Ֆութպոլ. Աբրահամ Խաշմանեան Հեռացաւ Արարատէն

Արարատ Երեւան եւ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը կատարող Աբրահամ Խաշմանեան երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իրենց պայմանագրութիւնը խզեցին, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Արարատ 23-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ցարդ ապահոված է 15 կէտ եւ միայն երկու կէտով կը գերազանցէ նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Արցախը:  

Տիեկօ Քոսթա 8 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կարգապահական կոմիտէին որոշումով, Աթլեթիքօ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա 8 մրցումով կախակայուեցաւ: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ին գծով տեղի ունեցած Պարսելոնա - Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումին ան հայհոյած էր օրուան իրաւարարին` Խեսուս Խիլ Մանսանոյին, դժգոհ մնալով անոր մէկ որոշումէն: Անոր համար այս տարեշրջանը աւարտած է` նկատի ունենալով, որ եօթը հանգրուան ետք կ՛աւարտի 2018-2019 տարեշրջանը: Ատկէ բացի, ան 6...

Ռէալ Մատրիտ 130 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ Պէյլի Համար

Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ ամրան ընթացքին պատրաստ է ծախելու կալեսցի իր յառաջապահը` Կերըթ Պէյլը, այն պայմանով սակայն, որ անոր ստորագրութեան փոխարէն ստանայ 130 միլիոն եւրօ: Պէյլով հետաքրքրուած են շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պայէրն Միւնիխ եւ ուրիշներ: Զինետին Զիտան Լա լիկա-ի 2019-2020 տարեշրջանին գծով իր ծրագիրներուն մէջ չէ ընդգրկած 29 տարեկան կալեսցին: Պէյլ 2013-ին Թոթենհամէն միացաւ արքայական...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Յակոբ Մկրտչեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Յակոբ Մկրտչեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Պաթումի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 89 քկ դասակարգին մէջ Յակոբ Մկրտչեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: 2018-ի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր, Նանճինկ-2014-ի պատանեկան ողիմպիական խաղերու ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան երկամարտի ընթացքին ապահովեց ընդամէնը 371 քկ (Եւրոպայի մրցանիշ) եւ մէկ քկ-ով գերազանցեց 2-րդ դիրքը գրաւած վրացի Ռեւազ Տաւիտածէին: Նոյն դասակարգին մէջ, 2017-ին Եւրոպայի երիտասարդական փոխախոյեան հանդիսացած Դաւիթ Յովհաննիսեան տիրացաւ պրոնզ մետալին...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ակումբներ Հանդիպում

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հրապարակուեցաւ Տղոց Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները կը սկսին երկու օր ետք: Նշուեցաւ սակայն, որ որոշ մրցումներու ժամերը կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ` պատկերասփիւռէն ուղղակիօրէն սփռուելու համար: Ստորեւ` յայտագիրը. ԿԻՐԱԿԻ, 14 ԱՊՐԻԼ  ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շանվիլ - Ռիատի   Տիք Մըհտի ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 15 ԱՊՐԻԼ     Պէյրութ - ՀՄԸՄ   Շիահ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 16...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի Բաժակի Մրցաշարքին Աւարտականը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` ուրբաթ, 12 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ իւրաքանչիւր խումբի համակիրները պարտին այս մրցումին տոմսերը գնել միայն իրենց ակումբէն` որեւէ անհաճոյ դէպքի առաջքը առնելու համար: Եթէ ՀՄԸՄ-ի համակիրները կ՛ուզեն տոմս գնել, պէտք է հեռաձայնեն 03-769330...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Մինի-Ֆութպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ 2018/2019 Տարեշրջան. Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները Եւ Դասաւորումը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած 2018-2019 տարեշրջանի պասքեթպոլի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 22 մարտէն մինչեւ 7 ապրիլ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ մրցաշարքին եզրափակիչ աւարտական մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին: Մրցումները եղան տղոց երկու դասակարգերու, իսկ աղջկանց` մէկ: Մրցումներուն մասնակցեցան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը, Հայ կաթողիկէ...

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Դպրոցական Խաղեր. Պետմինթընի Մրցումները Հասան Իրենց Աւարտին. Շաբաթ, 13 Ապրիլին` Մրցանակաբաշխութիւնը

Շաբաթ, 13 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ վերոնշեալ համալսարանին կողմէ կազմակերպուած դպրոցական 2-րդ խաղերուն մրցանակաբաշխութիւնը: Այս խաղերուն վերջին մրցումները եղան պետմինթընի հանդիպումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան տասը վարժարաններէ 94 երկսեռ մարզիկներ: Վաղը` շաբաթ, տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի, ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ պետմինթընի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ համալսարանի մարզական բաժինի պատասխանատուներուն: Այս խաղերը տեղի ունեցան...

Մասնակցութեամբ 45 Ինքնաշարժերու. 13-14 Ապրիլին Տեղի Կ՛ունենայ Աղջկանց Միջազգային 2-րդ Ռելիի Մրցումը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիին, կազմակերպութեամբ Շահրազատ Ռըզքի եւ գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 13-14 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ աղջկանց միջազգային 2-րդ ռելիի մրցումը` մասնակցութեամբ 45 ինքնաշարժներու: Այդ 45 վարորդները կը ներկայացնեն հետեւեալ 18 երկիրները. Անգլիա, Մեքսիքա, Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, Թուրքիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Ալճերիա, Զուիցերիա, Քանատա, Գերմանիա, Քաթար, Մարոք, Պելճիքա, Թայլանտ, Ռուսիա, Սերպիա եւ Լիբանան: Ուրբաթ, 12 ապրիլին, «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին...

«Էն. Պի. Էյ.». Յստակացան Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Մասնակցող Զոյգերը

Քանի մը օրուան դադարէ ետք, այս շաբաթավերջին կը սկսին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները: Յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով. ՇԱԲԱԹ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ - Պրուքլին Նեթց Թորոնթօ Ռեփթըրզ - Օրլանտօ Մեճիք ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ - Լոս Անճելըս Քլիփըրզ Տենվըր Նակեթց - Սան Անթոնիօ Սփըրզ ԿԻՐԱԿԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ Պոսթըն Սելթիքս - Ինտիանա Փէյսըրզ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ...

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Տպաւորիչ Յաղթանակով Հռչակուեցաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 10 ապրիլին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: Արդարեւ, 61 քկ դասակարգին մէջ, Յարութիւնեան, որ ճակատեցաւ վրացի Պեքա Լոմթացէի դէմ- արձանագրեց 17-11 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Յարութիւնեան, որ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ Եւրոպայի ախոյեան, կիսաւարտականին 10-4 արդիւնքով յաղթեց ռումանացի Նիքոլայ Օխլոփքովին: Այսպիսով, 19...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Կը Ճակատի Ռիատի Դէմ

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները: Առաջին մրցումին, Ռիատի բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Աթլասի դէմ` 125-54 արդիւնքով (35-10, 30-13, 30-15 եւ 30-16): Իսմայիլ Ահմետ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ, 12 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), մինչ անոր խմբակիցներ, Պասել Պաուժի եւ Ռենտոլֆ Մորիս տապըլ-տապըլ իրագործեցին: Այս մրցումին...

Պասքեթպոլ. Տեղի Ունեցաւ 16 Տարեկանէն Վար Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի տարիքային ախոյեանութեան յանձնախումբի նախագահ Փաթրիք Լահուտի, այլ պատասխանատուներու եւ մասնակցող ակումբներու ներկայացուցիչներու: Յայտարարուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին տղոց 50, իսկ աղջկանց 18 խումբեր: Մրցումներուն յայտագիրը ֆետերասիոնը պիտի հրապարակէ յառաջիկային: Վիճակաձգութեան զուգահեռ ներկաներուն յատուկ ցուցմունքներ եւ...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Տղոց Նահանգներու Ախոյեանութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան նահանգներու մրցումները: Հարաւային Լիբանանի նահանգին մէջ տիտղոսակիր դարձաւ Շապապ Հարեթ Սայտա: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Սարաֆանտ, երրորդ հանդիսացաւ Մաանի Սայտա, իսկ չորրորդ` Ապրա: Նապաթիէ նահանգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Շապապ Հապպուշ, մինչ անոր ետին երկրորդէն չորրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Հուտա Արապսալիմ, Հուսամ Քֆար Սէյր եւ Ռիսալա Քֆար Ռըմման: Պեքաայի մէջ առաջին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Այսօր` Ահտ – Անսար Ճակատում

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (Ա. դասակարգ, 21-րդ հանգրուան). Ստորեւ` յայտագիրը. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 11 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ահտ - Անսար 17:00 Մարզական Աւան ՇԱԲԱԹ, 13 ԱՊՐԻԼ     Նըժմէ - Շապապ Ղազիէ 16:00 Մարզական Աւան Թատամոն Սուր - Ախա Ահլի Ալէյ 16:00 Սուր Թրիփոլի - Սալամ Զղարթա 16:00 Թրիփոլի Շապապ Սահել...

Լիբանանի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Հրապարակուեցաւ Կիսաւարտականի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի կիսաւարտականի մրցումներուն յայտագիրը: Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբերը կ՛ապահովեն աւարտականի մրցումներուն իրենց տոմսը: Ստորեւ` յայտագիրը. ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 17 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Մէյրուպա - Թատամոն 22:00 Ղազիր Թըպնին - «Էօ. Էն. Պէ.» 20:30 Մարզական Աւան ՇԱԲԱԹ, 20 ԱՊՐԻԼ Թատամոն - Մէյրուպա 18:30 Ժունիէ «Էօ. Էն. Պէ.» - Թըպնին 18:00...

Page 713 of 1279 1 … 712 713 714 … 1,279

Արխիւներ