Ալաշկերտի ղեկավարութիւնը երկկողմանի համաձայնութեամբ իր պայմանագրութիւնները խզեց գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեանի եւ անոր մարզիչներու խմբակին հետ:
Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Աբրահամ Խաշմանեան, որուն գլխաւորութեամբ Ալաշկերտ յաջորդական երկու տարեշրջաններու ընթացքին հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան:
Նախքան այս, Խաշմանեան հեռացուած էր Արարատէն: