Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց վերջին դիրքին վրայ գտնուող Հուեսքայի դաշտին վրայ:
Նշենք սակայն, որ Պարսելոնայէն բացակայեցան Մեսսի, Սուարեզ, Ռաքիթիչ, Փիքէ, Ռաֆինիա եւ ուրիշներ:
Պարսելոնայի արձանագրած այս հաւասարութենէն մեծագոյն օգտուողը եղաւ անոր անմիջական մրցակիցը` երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Սելթա Վիկոյին, իր եւ Պարսայի միջեւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց 9 կէտի:
Պարսելոնա ունի 74 կէտ, իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ` 65:
Աթլեթիքոյի կոլերը նշանակեցին Անթուան Կրիզման (42-րդ) եւ Ալվարօ Մորաթթա (74-րդ):
Ռէալ Մատրիտ (3-րդ), որ ունի 60 կէտ, այսօր` երկուշաբթի, 15 ապրիլին, հիւրը պիտի ըլլայ Լեկանեսի (12-րդ):