«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր եւ վաղը (իւրաքանչիւր օր` երկու ճակատում):
Դարձի այս մրցումները ճակատագրական պիտի ըլլան մանաւանդ այն խումբերուն համար, որոնք երթին արձանագրած են ոչ համոզիչ արդիւնքներ:
Նշենք, որ բոլոր մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ երթին, իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Պարսելոնայէն, այսօր քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք «Քամփ Նու»-ի մէջ:
Իսկ այսօրուան երկրորդ մրցումին, Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Այաքս Ամսթերտամը` փորձելով ապահովել յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը (երթ` 1-1):
Վաղը Փորթօ կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը, իսկ Մանչեսթըր Սիթի` Թոթենհամը:
Երթին Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ Թոթենհամ` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ: