Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի սամպոյի հաւաքականի 22 անդամներէն 16-ը մետալակիր դարձան կիպրական Լիմասոլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութիւններուն ընթացքին:
Այս ախոյեանութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 260 երկսեռ մարզիկներ:
Պատանիներու հաւաքականը տիրացաւ 2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալի, իսկ երիտասարդականը` 3 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի: