Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Արսէն Ջուլֆալակեան տիրացաւ պրոնզէ մետալի: Ան 77 քկ դասակարգին մէջ 5-1 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի Տանիել Ալեքսանտրովին:
63 քկ դասակարգին մէջ, Սլաւիկ Գալստեան պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին ընթացքին պարտուեցաւ:
Այս դասակարգին մէջ ախոյեան հռչակուեցաւ Ռուսիան ներկայացնող Ստեփան Մարիանեան, որ աւարտականին 9-0 արդիւնքով յաղթեց նորվեկիացի իր մրցակիցին: