Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ազգային Խումբին Փորձերը Պիտի Սկսին Երկուշաբթի, 1 Յուլիսէն Սկսեալ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած լուրի մը մէջ նշուեցաւ, որ ազգային խումբին փորձերը պիտի սկսին երկուշաբթի, 1 յուլիսէն սկսեալ: Այդ փորձերուն համար ազգային խումբ հրաւիրուած են քառասուն ֆութպոլիստներ, որոնցմէ բնականաբար պիտի ընտրուին լաւագոյնները: Իւրաքանչիւր շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ երկու օրուան փորձեր (ընդամէնը` հինգ օրուան փորձեր), որոնցմէ ետք պիտի կազմուի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յուլիսի վերջաւորութեան Իրաքի մէջ...







