Հեծելարշաւ. ՀՄԸՄ Պէյրութին Մաս Կազմող Յակոբ Քէշիշեան Հանդիսացաւ Երրորդ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կիրակի, 30 յունիսին, տեղի ունեցաւ 2019 տարուան ժամացոյցի դէմ մրցումը: Անիկա սկզիբ առաւ «Տապպաս» ընկերութեան առջեւէն հասնելով մինչեւ Շեւրոլէի շրջան - ԱԼՖԱ ընկերութիւն, ապա վերադառնալով դէպի Քարանթինա - Պէյրութ, երթուդարձի դրութեամբ` չորս անգամ (32,8 քմ): Յակոբ Քէշիշեան (աջին) Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 35 հեծելանւորդներ` հինգ միութիւններէ (անդամակցած` ֆետերասիոնին), ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու...






