Յատուկ այցելութեամբ մը երէկ Հայաստան կը գտնուէր Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած հայազգի Եուրի Ճորքայեֆ:
Ան Վանաձորի արհեստագիտական կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուեցաւ յատուկ ձեռնարկի մը: Ապա ան ֆութպոլի մրցումի մը մասնակցեցաւ Վանաձորի մէջ` Լոռիի մարզադպրոցի աշակերտներուն հետ:
Այս առիթով ան խօսք առնելով ըսաւ. «Աշխարհի տարածքին բոլորն ալ գիտեն, որ ես հայ եմ եւ այդ մասին հպարտանքով կը խօսիմ: Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ ֆութպոլի մրցումի մը մասնակցեցայ պատանի ֆութպոլիստներուն հետ»: