Մասնակցութեամբ 30 Խումբերու. 30 Յունիսին Կը Սկսի Լիբանանի Պիչ-Վոլիպոլի Ախոյեանութիւնը
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, կիրակի, 30 յունիսին ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի պիչ-վոլիպոլի ախոյեանութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 30 խումբեր (20 տղոց եւ 10 աղջկանց կազմեր):
Մրցումները տեղի պիտի ունենան «Պի. Վի. Էս. Քլապ» ակումբին մէջ (Պաթրուն):
Կը նախատեսուի, որ աւարտական հանգրուանը տեղի ունենայ շաբաթ, 6 յուլիսին:
Այս ախոյեանութեան պիտի կիրարկուին Լիբանանի եւ միջազգային վոլիպոլի ֆետերասիոնին օրէնքները:
Իւրաքանչիւր խումբ կը բաղկանայ 2 մարզիկէ:
Խումբ մը եթէ բացակայի կամ քաշուի ախոյեանութենէն, անոր արձանագրած բոլոր արդիւնքները չեղեալ կը համարուին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական