Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի 18-րդ տարեկան ժողովին գլխաւորութեամբ նախագահ Արթուր Վանեցեանի, ներկայացուեցան ֆետերասիոնին հիմնական նպատակները, տեսլականն ու առաքելութիւնը:
«Մեզի համար կարեւոր են երկարաժամկէտ ծրագիրները: Մեր նպատակն է զարգացնել մանկապատանեկան ֆութպոլը, մարզերուն մէջ ստեղծել ենթակառոյցներ, ապահովել հաւաքականներուն յաջող մրցումներու ելոյթները` միջազգային մրցաշարքերուն ընթացքին:
«Մեր տեսլականն է Հայաստանը աւելի ճանաչելի դարձնել ֆութպոլի միջոցով:
«Մեր առաքելութիւնն է ապահովել Հայաստանի կայունութիւնն ու շարունակական զարգացումը», ըսաւ Վանեցեան:
Խօսելով մարզադաշտի կառուցման վերաբերող աշխատանքներուն մասին, ան յայտնեց, թէ կը շարունակենք պետական կառոյցներուն հետ մեր բանակցութիւնները:
«Յոյս ունիմ, որ յառաջիկային կ՛ունենանք ազգային հաւաքականին յատուկ մարզադաշտը», ըսաւ Վանեցեան:
Շարունակելով իր խօսքը` Վանեցեան դիտել տուաւ. «Ազգային մարզադաշտը պիտի կառուցուի Երեւանի մօտիկ համայնքներէն մէկուն մէջ` անհատ ներդրողներու կողմէ, որովհետեւ պետութիւնը չի կրնար մասնակցութիւն ունենալ ազգային մարզադաշտին կառուցման գործին:
«Հրազդան մարզադաշտը ունի սեփականատէրեր, որոնց հետ քանի մը անգամ հանդիպում ունեցանք: Ֆետերասիոնը, այս մարզադաշտը չի կրնար գնել, որովհետեւ մեծ գումարներու կը կարօտի, բացի ատկէ, անիկա չի համապատասխաներ նոր մարզադաշտի համար պահանջուող միջազգային չափանիշներուն», նշեց ան:
Այս ժողովին ֆետերասիոնին փոխնախագահը` Արսէն Մելիքսեթեան, ներկայացուց ֆետերասիոնին տարեկան պիւտճէն:
Միաձայն քուէարկութեամբ հաստատուեցաւ յաջորդ տարուան պիւտճէին նախագիծը:
Նշենք, որ այս ժողովին քննարկուեցան նաեւ շարք մը ակումբներու` ֆետերասիոնին անդամակցութեան հարցը, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնին անդամակցութենէն հեռացուեցաւ Գիւմրի ֆութպոլի ակումբը, որ լուծուած է:
Քուէարկութեամբ ֆետերասիոնի անդամ դարձան հետեւեալ տասը ակումբները:
Թորփետօ, Վան, Դիլիջան, Ուեսթ Արմինիա, Տովեզ, Նիքարմ, Անի, Արագած, Եունիոր Սեւան եւ հայ աղջիկներու առաջնորդութիւնը ֆութպոլին մէջ:
Վաղարշապատի ֆութպոլի ակադեմիա հիմնելու մասին որոշումը չեղեալ համարուեցաւ: