Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած լուրի մը մէջ նշուեցաւ, որ ազգային խումբին փորձերը պիտի սկսին երկուշաբթի, 1 յուլիսէն սկսեալ:
Այդ փորձերուն համար ազգային խումբ հրաւիրուած են քառասուն ֆութպոլիստներ, որոնցմէ բնականաբար պիտի ընտրուին լաւագոյնները:
Իւրաքանչիւր շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ երկու օրուան փորձեր (ընդամէնը` հինգ օրուան փորձեր), որոնցմէ ետք պիտի կազմուի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յուլիսի վերջաւորութեան Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Կ՛ակնկալուի, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի ռումանացի մարզիչ Լիվիօ Զիոփոթարիօ իր վերջնական կազմը հրապարակէ 15 յուլիսին: