Ինչպէս ծանօթ է, կազմակերպութեամբ «Սթեփ ըհետ սփորըց սքուլ»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, 28-29 յունիսին տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի մարզիչներու իւրայատուկ դասընթացք մը ոչ միայն լիբանանցի մարզիչներու, այլ նաեւ արաբական կարգ մը երկիրներէ եկած մարզիչներու համար:
Մարզիչներու այս դասընթացքին գլխաւոր դասախօսը պիտի ըլլայ սերպ փորձառու եւ անուանի մարզիչ Զելքօ Օպրատովիչ:
Այս դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ «Չեմփս» ակումբին մէջ (Հազմիէ):
Կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ մինչեւ երէկ դասընթացքին մասնակցող մարզիչներուն թիւը կը հասնէր 125-ի:
«Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ»-ի ֆիզիքականի մարզիչ Ֆուատ Ժըրժես յայտնեց, որ բոլոր անոնք, որ ցարդ ուշացած են իրենց անունները արձանագրելու, առիթը ունին արձանագրուելու:
Օպրատովիչի ժամանման առիթով (այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին) Ֆուատ Ժըրժես ի պատիւ անոր պիտի բանայ Պէյրութի միջազգային օդակայանին «պատուոյ սրահ»-ը: