Նախանցեալ օր, Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ժողովը` նախագահութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Տանաշի:
Քննարկուելէ ետք օրակարգին վրայ եղող հարցերը, վաւերացուեցան Ա. հանգրուանի բոլոր մրցումներուն արդիւնքները:
Արդէն իսկ Ա. հանգրուանէն սկսան կախակայումները:
Հաֆրուն Ըհմեժի մարզիկներէն, Ֆրետերիք Տարուիշ, որ առաջին մրցումին կարմիր քարտ մը ստացաւ, մէկ մրցումով կախակայուեցաւ:
«Էֆ. Սի. Եունայթըտ»-ի պատասխանատուներէն Զիատ Հալլում մէկ տարիով կախակայուեցաւ օրուան իրաւարարներուն եւ ֆետերասիոնին պատասխանատուներուն դէմ իր ունեցած ոչ մարզավայել արարքներուն համար:
Ֆետերասիոնը Նաժըմ Պեքաայի ակումբին թելադրեց անմիջապէս աւարտել իր մարզադաշտին թերի մնացած բաժինները շինարարութիւնը, այլապէս ֆետերասիոնը անոր դաշտը նկատի պիտի չունենայ յառաջիկայ մրցումներուն կայացման առումով:
Ֆետերասիոնը յայտնեց նաեւ, որ բոլոր այն ակումբները, որոնք իրենց մրցումները պիտի կատարեն Քֆարշիմայի դաշտին վրայ, ատոր համար ֆետերասիոնը տեղեակ պէտք է պահեն մրցումին ազդանշանը տրուելէն նուազագոյնը ժամ մը առաջ: