Ճատրակ. Խրուաթիոյ Մրցաշարք. Արոնեանի Երկրորդ Հաւասարութիւնը
Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ Չես Թուր»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց հոլանտացի Անիշ Կիրիի հետ (55-րդ շարժումին):
Արոնեան Ա. հանգրուանին եւս արձանագրած էր հաւասարութիւն մը` ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ:
Գ. հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ աշխարհի նախկին հնդիկ ախոյեան Վիշվանաթան Անանտ:
Մրցաշարքը բաղկացած է 11 հանգրուանէ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական