«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացած Թորոնթօ Ռեփթըրզ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր նշեց, որ ակումբին մաս կազմող սպանացի Մարք Կազոլ մէկ տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը:
Ան մէկ տարեշրջանի համար քանատական ակումբէն պիտի ստանայ տարեկան 25,6 միլիոն ամերիկեան տոլար աշխատավարձք, նշեց անոր ակումբը:
Յայտնենք, որ ան նախորդ տարեշրջանի սկիզբը Մեմֆիս Կրիզլիզէն տեղափոխուած էր Ռեփթըրզ, որուն հետ աւարտեց իր տարեշրջանը` հանդիսանալով ախոյեան, աւարտականին 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին: