Իր գումարած ժողովին Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի` 13 դեկտեմբերին:
Շատ հաւանական է, որ տարեշրջանը աւարտի 22 ապրիլ 2020-ին:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան ընթացքին, Լիբանանի ախոյեանութիւնը դադար պիտի չառնէ:
Իսկ մարզիկներու փոխանցման ժամկէտ ճշդուած է 16-30 սեպտեմբերը:
Ինչ կը վերաբերի օտար մարզիկներուն, իւրաքանչիւր խումբ իր կազմին մէջ կրնայ ունենալ երկու օտարական:
իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց ընդհանուր ապահովութեան ուժերը (21 կէտ):


